Զօր. Աուն Ընդունեց Ֆաթհալին
Ֆաթհալի եւ զօր. Աուն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները: Հանդիպումէն ետք Ֆաթհալի յայտնեց, որ այս հանգրուանին շրջանը յատուկ պայմաններու մէջ կը գտնուի` մաղթելով, որ այդ երկիրներուն բնակիչները իրենց պատասխանատուութեան շրջագիծին մէջ վարուին եւ օտար ձեռքեր միջամուխ չդառնան շրջանի երկիրներուն ներքին...















