Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռապիէի Մէջ. «Վարչապետը Կը Վարուի Իբրեւ Հանրապետութեան Նախագահ Եւ Ասիկա Խիստ Մերժելի Է» Շեշտեց Զօր. Աուն

July 8, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զօր. Միշել Աուն
Զօր. Միշել Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

Նիստէն ետք զօր. Աուն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հերքեց այն տեղեկութիւնը, թէ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը իրեն հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին պահանջած է փողոց չիջնել` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան շարքերը իրենց պաշտօնական կեցուածքին կը սպասեն:

«Վարչապետը կը վարուի իբրեւ հանրապետութեան նախագահ եւ ասիկա խիստ մերժելի է», շեշտեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:

Ան նշեց, որ ինք տարի մը առաջ Թաէֆը հովանաւորող երկիրներու ղեկավարներուն, այսինքն` Սէուտական Արաբիոյ եւ Մարոքի թագաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ալճերիոյ նախագահին յղած է նամակներ, որոնց մէջ շեշտած է, թէ ազգային համախոհութեան այդ համաձայնագիրին ստորագրութենէն 25 տարի ետք լիբանանեան վարչակարգը տակաւին տագնապի մէջ է, որովհետեւ նախագահական եւ երեսփոխանական ընտրութիւններ կարելի չէ կատարել` սահմանադրութեան կարգ մը կէտերուն պատճառով:

Զօր. Աուն նշեց նաեւ, որ այդ համաձայնագիրին մէկ կարեւոր բաժինը կը մնայ գրութեան սահմաններուն մէջ,  հետեւաբար ո՛չ հաւասարութիւն, ո՛չ համագործակցութիւն եւ ո՛չ ալ համաձայնագիրին հիման վրայ մշակուած ընտրական օրէնք եւ հաւասարակշռուած բարգաւաճում կարելի եղած է իրականացնել:

Ան նամակներուն մէջ ցաւ յայտնած է նաեւ, որ իննսունականներէն ի վեր երկրին իշխանութիւնները ստանձնող պատասխանատուները Թաէֆի համաձայնագիրը չեն գործադրած:

«Քաղաքական անձնաւորութիւններուն մեծ մասը գիտէ եւ կը յայտարարէ, թէ Թաէֆի համաձայնագիրը չէ գործադրուած, եւ անոնք արդէն իսկ անցած են այդ հանգրուանին, որ Թաէֆը ձախողած է եւ պէտք է այլ լուծումներու մասին մտածել», ըսաւ ան` մտահոգութիւն յայտնելով, որ կացութիւնը նոր համաձայնագիրներ ստորագրելու ատակ չէ եւ կոչ ուղղած էր անոնց` օժանդակելու Թաէֆի համաձայնագիրի գործադրութեան:

Զօր. Աուն անհրաժեշտ նկատեց ժողովրդային հանրաքուէն կատարելու նախաձեռնութիւնը` գիտնալու համար ժողովուրդին ընտրանքը:

«Մեզի համար հանրապետութեան նախագահութիւնը օր մը օրանց չէ գերազանցած Լիբանանին: Մենք օր մը օրանց իշխանութիւն չենք մուրացած, որովհետեւ կշտացած ենք իշխանութենէն, իսկ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը մեզի համար շատ աւելի կարեւոր է, քան հանրապետութեան նախագահութիւնը», ըսաւ զօր. Աուն:

Ան խստիւ դատապարտեց Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող ոչ լիբանանեան օրաթերթերուն մեկնաբանութիւնները, թէ ինք հանրապետութեան նախագահութիւնը կ՛ուզէ իր անձին համար, իսկ բանակի հրամանատարութիւնը` իր փեսային համար:

Զօր. Աուն հարց տուաւ. «Որո՞նք են նման մեկնաբանութիւններ կատարողները: Ես զօր. Աունն եմ, որ վտանգներուն դէմ պատերազմեցայ եւ 15 տարի աքսորուեցայ` պահպանելու համար Լիբանանի գերիշխանութիւնը: Դուք ի՞նչ կատարեցիք, բացի գողութենէ: Դուք 70 միլիառ տոլարի պարտքն էք, դուք անկարող էք ահաբեկիչներուն հակակշիռին տակ գտնուող գիւղաքաղաք մը ազատագրելու, ինչպէ՞ս կարելի է վստահիլ ձեզի` երկիրը ազատագրելու առումով: Ասիկա ամօթ է, ինչպէս նաեւ ամօթ է, որ ընդունինք այս իրավիճակը, իսկ եթէ արժանապատուութիւն ունենայիք, հրաժարած եւ ձեր բնակարանները մեկնած կ՛ըլլայիք», եզրափակեց ան:

 

Նախորդը

Պըրրի Կը Զօրակցի Վարչապետ Սալամի

Յաջորդը

«Վանայ Ձայն»-ի Հետ Հարցազրոյցի Մը Ընթացքին . «Լիբանանի Սահմանադրութիւնը Գործադրելու Առումով Բացայայտ Խախտում Կ՛արձանագրուի» Ըսաւ Իպրահիմ Քանաան

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.