
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ այցելեց Սայֆի, ուր շնորհաւորեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը` իր ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան դիմագրաւած տագնապը լուծելու իմաստով միտքեր փոխանակուեցան:
Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Պասիլ հաստատած էր, որ վարչակարգը կը փորձէ զիրենք պառակտել, հետեւաբար նկատի ունենալով այդ իրականութիւնը, իրենք պատրաստ են քայքայելու զայն` ի մտի ունենալով զանազան ընտրանքներ, որոնցմէ է դաշնակցային դրութիւնը: