Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 11, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՅՆ Թինէի մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք չէզոք դիրքի վրայ են` աւելցնելով, որ պատահածը ոչ ոքի համար յաղթանակ է:

ՄԻՒՖԹԻ շէյխ Ապպաս Զղէյպ յայտնեց, որ Երուսաղէմի օրը հրաւէր մըն է արաբական բոլոր վարչակարգերուն վերադառնալու իսլամականութեան:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ խստիւ մերժեց աունականներուն կողմէ վարչապետ Թամմամ Սալամը ՏԱՀԵՇ-ական անուանելու արարքը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սալահ Հնէյն հաստատեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամի որդեգրած մեքանիզմը առիթ կու տայ, որ ոեւէ նախարար խոչընդոտէ նախարարաց խորհուրդին աշխատանքի ընթացքը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ Լիբանանի քաղաքական տագնապին լուծումը կարելի է ապահովել վերադառնալով սահմանադրութեան եւ նախագահական թափուր աթոռին ստեղծած իրավիճակին մէջ իսկ լուծել երկրին հարցերը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ իրենք այլեւս լուռ պիտի չմնան երկրին սահմանադրութեան եւ Ազգային ուխտին խախտումներուն դիմաց:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական շրջանակներուն մէջ կան այնպիսի անձնաւորութիւններ, որոնց գոյութիւնը քաղաքական կեանքին մէջ պէտք է վերատեսութեան ենթարկուի:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երիտասարդական թեւին ու համակիրներուն շարժումը ինքնաբուխ էր:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Էլի Խուրի շեշտեց, որ իրենք պայքարը պիտի շարունակեն մինչեւ անոր աւարտը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ ընդգծեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի սկսած արշաւը համայնքային եւ յարանուանական գրգռութիւն մըն է, որ մերժելի է բոլոր լիբանանցիներուն կողմէ:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի շեշտեց, որ իրենք ոչ մէկ յաղթանակ նշմարած են Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի տեսութեան մէջ, «իսկ յաղթանակ արձանագրողը չի պարծենար», աւելցուց ան:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռոնի Արայժի յայտնեց, որ իրենք կարիքը ունին քաղաքական արտակարգ ճիգերու եւ ջանքերու, զորս պէտք է անմիջապէս ապահովել:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս մտավախութիւն յայտնեց, որ հսկայական թիւով սուրիացի գաղթականներու հոսք մը դարձեալ հասնի Լիբանան:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ հաստատեց, որ ինչպէս վարչապետ Թամմամ Սալամ, նոյնպէս ալ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը մերժեն փողոցի խաղերուն մէջ մխրճուիլ:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք միջամտած է` լուծելու համար կառավարութեան վկայած լուրջ տագնապը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական հարցերը հիմնական արգելքներն էին երկրին բարգաւաճման նպատակով մշակուած բազմաթիւ ծրագիրներու գործադրութեան խոչընդոտումին:

 

 

 

 

Նախորդը

Ֆրանչիսկոս Պապը Կոչ Կ՛ուղղէ Միջին Արեւելքի Մէջ Թէ Այլուր Քրիստոնեաներու Ցեղասպանութիւնը Դադրեցնելու

Յաջորդը

Սիկրիտ Քաակ. «Պէտք Է Անյապաղ Նախագահական Ընտրութիւն Կատարել»

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?