Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բողոքի Շարժումը Անհրաժեշտ Է Դիտել Իբրեւ Սահմանադրութեամբ Նուիրականացած Ժողովրդավարական Արտայայտութեան Միջոց», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

July 10, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-09-15_enger_hagopՎերջին օրերուն Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախաձեռնած բողոքի շարժումին լոյսին տակ, «Ազդակ» դիմեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին, որ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը:

Այն ինչ որ կատարուեցաւ վերջին երկու օրերուն Ազգային ազատ հոսանքի երիտասարդութեան կողմէ, անհրաժեշտ է դիտել իր պարունակին մէջ, առարկայական կերպով, առանց յաւելեալ եւ թիւր մեկնաբանութիւններ տալու:

Առաջին` պատահածը կառավարութեան նիստէն առաջ եւ ընթացքին, ժամանակի երկարութեամբ կուտակուած դժգոհութեանց բարկութեան արտայայտութիւնն է, որուն հիմնական նպատակն է վերջ տալ լիբանանեան կողմ մը անտեսումի ենթարկելու վարքագիծին:

Երկրորդ` հարցը սոսկ իբրեւ քրիստոնէական պոռթկում դիտելը կամ սոսկ իբրեւ կարգ մը նշանակումներ կատարելու համար առնուած քայլ տեսնելը պարզապէս միամտութիւն է: Խնդիրը լիբանանցի իւրաքանչիւր քաղաքացիի կ՛առնչուի եւ համալիբանանեան հարց է, անկախ այն իրողութենէն, որ այսօր ձայն բարձրացնողները կը պատկանին համայնքի մը կամ կողմի մը:

Երրորդ` շարժումը կը միտի սահմանադրութեան եւ իշխանութեանց բաժանումի եւ իրաւասութեանց գործադրութեան ճշգրիտ եւ արդար պաշտպանութեան ու պահպանումին: Մենք կը յարգենք վարչապետի իրաւասութիւնները եւ չենք ընդունիր, որ ոտնակոխ ըլլան անոնք: Միաժամանակ սակայն կը մերժենք հանրապետութեան նախագահին սահմանադրութեամբ ճշդուած իրաւասութեանց ոտնահարումը, թէկուզ եւ նախագահի բացակայութեան:

Չորրորդ` լիբանանեան փորձառութիւնը փաստած է, որ կարելի չէ լուսանցքայնացնել կամ ջնջել որեւէ քաղաքական կամ համայնքային կողմ: Փոխադարձ յարգանքն ու ճանաչումը պարտադիր է բոլորին:

Հինգերորդ` պարտաւոր ենք յարգել սահմանադրութիւնը եւ սահմանադրութեան երդիքին տակ որոնել ցցուող հարցերուն լուծումները:

Վեցերորդ` ՀՅ Դաշնակցութիւնը տեւական խորհրդակցութեան մէջ է զօր. Աունի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխաններուն ու նախարարներուն հետ` միասնաբար համադրելու համար տագնապի լուծման քայլերը:

Եօթներորդ` բողոքի եւ բարկութեան շարժումը անհրաժեշտ է դիտել իբրեւ սահմանադրութեամբ նուիրականացած ժողովրդավարական արտայայտութեան օրինական միջոց եւ զայն չնկատել երկրին անդորրութիւնն ու կայունութիւնը հարուածող քայլ: Ընդհակառակն` ըմբռնելով դժգոհութեանց բարձրաձայնումը անհրաժեշտ է դարմանել անոնց տուն տուող հիմնական պատճառները:

Նախորդը

Ժողովրդային Ճնշումի Մթնոլորտի Մէջ Վարչապետ Սալամ Խոստացաւ Կառավարութեան Որոշումները Համախոհութեամբ Որդեգրել, Զօր. Աուն. «Մեր Բոլոր Իրաւունքներուն Պիտի Տիրանանք, Եւ Ասիկա Միայն Սկիզբն Է»

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Կեդրոնական Դրամատունը Կորսնցուցած Է Իր Պահեստի 60 Առ Հարիւրը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.