Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Ժոմպլաթն Ու Ժեմայէլը

Յուլիս 9, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սալամ` Փաղանգաւոր կուսակցութեան պատուիրակութեան հետ
Սալամ` Փաղանգաւոր կուսակցութեան պատուիրակութեան հետ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ այսօր առաւօտեան վարչապետարանին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին:

Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան վարչապետ Սալամ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ իմաստուն եւ գիտակից կերպով կերտեց երկիրը, սակայն մարտահրաւէրները այսօր շատ աւելի մեծ են եւ վտանգաւոր:

Ժոմպլաթ ըսաւ, որ կառավարութեան նիստերուն արգելակումը ոչ մէկ ձեւով կարելի է արդարացնել` աւելցնելով, որ կան թղթածրարներ, որոնք պէտք է գործադրուին:

Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ` ընկերակցութեամբ կուսակցութեան պատասխանատուներու մէկ պատուիրակութեան:

Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենց համար այս հանգրուանին կարեւոր է, որ լիբանանցի պատասխանատուները մտածեն Լիբանանի ու լիբանանցիներուն շահերուն մասին:

Ժեմայէլ շեշտեց, որ լիբանանցիներուն հոգերը տանող միակ պետական հաստատութիւնը կառավարութիւնն է` յոյս յայտնելով, որ կառավարութեան աշխատանքը ոչ մէկ ձեւով խոչընդոտուի:

«Կը փափաքինք, որ օրակարգի այն կէտերը, որոնց շուրջ տարակարծութիւն գոյութիւն ունի, մէկդի դրուին, եւ նախարարաց խորհուրդը շարունակէ իր աշխատանքը», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով քաղաքական կարգ մը ուժերու կողմէ փողոց իջնելու եւ ցոյցեր կատարելու որոշումին` Ժեմայէլ ըսաւ, որ իրեն համար այդ որոշումները զարմանալի են` աւելցնելով, որ ամրան եղանակին սկիզբը բողոքի ցոյցերով ժողովուրդին «աւետումը» անտեղի է:

Անդրադառնալով նշանակումներու հարցին` Ժեմայէլ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարին նշանակումը պէտք է կատարուի բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութեան աւարտէն միայն երկու շաբաթ առաջ, իսկ հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը կ՛աւարտի սեպտեմբերին, հետեւաբար անհասկնալի է, թէ ինչո՞ւ ներկայիս մարդիկ այդ իմաստով մտահոգ են:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Պէտք Է Շահագրգռուիլ Միայն Լիբանանի Շահերով»

Յաջորդը

Մինչ Համախմբումի Եւ Հըզպալլայի Նախարարները Կ՛Որոշեն Մասնակցիլ Կառավարութեան Նիստին . Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Կ՛իջնէ Փողոց

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?