
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն` ընկերակցութեամբ անոր կնոջ` Ռիմա Ֆրենժիէի եւ մարոնի եկեղեցւոյ Էհտեն-Զղարթա շրջանի հոգեւոր հովիւ Ըսթֆեն քհնյ. Ֆրենժիէի:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Ֆրենժիէ շեշտեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ հանդիպումը դրական մթնոլորտի մէջ ընթացած է եւ եղած անկեղծ ու յստակ:
Իր կարգին, Ռիմա Ֆրենժիէ Ռայի պատրիարքին ներկայացուց «Էհտենիյաթ» ամառնային փառատօնին մանրամասնութիւնները եւ զայն հրաւիրեց ներկայ գտնուելու այդ փառատօնին պաշտօնական բացումին, որ տեղի պիտի ունենայ 25 յուլիսին եւ որուն ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ «Ֆայհա» երգչախումբը եւ երգչուհի Ժահիտա Ուեհպէն:


