Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 9, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ` անոր ըսելու համար, որ լիբանանեան օրաթերթի մը մէջ իրեն վերագրուած այն յայտարարութիւնը, թէ զօր. Աուն իրեն դաւաճանած է, անճիշդ է: Ժոմպլաթ շեշտեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ զօր. Աունի հետ իր դրական յարաբերութիւններուն պահպանումին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ ինք կը զօրակցի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ լիբանանեան բանակի հրամանատարը նշանակելու պահանջին` ընդգծելով, որ ինք կը մերժէ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտին շեշտեց, որ առանց Դիմադրութեան եւ անոր նահատակներուն Լիբանանը ողողուած պիտի ըլլար հաւատադրժողական շարժումներով:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր յայտնեց, որ թափուր մնացած նախագահական աթոռը կարգ մը ղեկավարներու կը յարմարի, սակայն անիկա լիբանանցիներուն վնաս կը հասցնէ:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն հիման վրայ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազեցաւ 100 լ. ոսկիով, իսկ 95 օքթան պենզինին սակը մնաց նոյնը, մինչդեռ մազութի թիթեղին սակը նուազեցաւ 200 լ. ոսկիով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն խելագարած է,  եւ մտահոգ ենք, որ անոր խելագարութեան պատճառով երկրին մէջ նոր պատերազմ մը կը բռնկի:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել արդէն իսկ ստորագրած է լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին որոշումին տակ:

ՌԱՊԻԷԻ մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը փողոցին մէջ կատարուելիք ժողովրդային ոչ մէկ շարժումի պիտի մասնակցի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի համար փողոց իջնելու որեւէ շարժում եւ մագլցում իրեն ի նպաստ կը գտնէ քրիստոնէական հանրաքուէի նախօրեակին:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ծրագրած ժողովրդային շարժումը պիտի սահմանափակուի հիւսիսային Լիբանանի ծովային ճամբան փակելով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ անկարելի է կառավարութիւնը ընթացաւարտ շրջանի կառավարութեան կարգավիճակին մէջ դնել` նկատի ունենալով նախագահական թափուր աթոռը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետարանին մօտիկ աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ վարչապետ Թամմամ Սալամէն խնդրած է կառավարութեան այսօրուան նիստին ընթացքին որոշումներ չտալ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ուալիտ Խուրի ընդգծեց, որ իրենք անելի մատնուած են, իսկ հինգշաբթի օրուան շարժումը պիտի ըլլայ խաղաղ շարժում:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կառավարութիւնը իսկական տագնապի մը դիմաց զետեղած է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է մէկ տարիով երկարաձգելու հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար հաստատեց, որ պահանջուածը համախմբող ազգային ճառախօսութիւնն է, որ ազգային միասնականութիւնը կ՛ամրապնդէ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ձեռնարկած շարժումը պիտի ներառէ այնպիսի նպատակներ, որոնք ռազմավարական նշանակալից կշիռ կը ներկայացնեն:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի պատասխանատուներէն Վերա Եամմին շեշտեց, որ փողոց իջնելը ժողովրդավարական իրաւունք է` յոյս յայտնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կրնայ իրականացնել իր պահանջները:

 

 

Նախորդը

Յունաստանի Համար Ճշդուեցան Ժամկէտներ

Յաջորդը

Պան Քի Մուն Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?