Ժահժահ. «Լիբանանի Քրիստոնեայ Համայնքին Կացութիւնը Լաւ Է»
Ժահժահ եւ Էխհորեսթ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխանները պատրաստ են մասնակցելու խորհրդարանական որեւէ նիստի, որուն օրակարգին առաջին կէտերն են ընտրական օրէնքն ու լիբանանեան ծագում ունեցողներուն քաղաքացիութիւն շնորհելու կարելիութիւնը: Ժահժահ զարմանք յայտնեց խորհրդարանի օրէնսդրական նիստերու արտակարգ նստաշրջանի մը սկսելու պահանջին առնչութեամբ եւ շեշտեց, որ անիկա լուրջ պահանջ մը չէ: Նշենք, որ Ժահժահ նախանցեալ...

















