Լիբանանեան

Պըրրի. «Կոչ Կ՛ուղղենք Օժանդակելու  Լիբանանին, Որպէսզի Ան Կարենայ  Դիմագրաւել Գաղթականներու Տագնապը»

Պըրրի. «Կոչ Կ՛ուղղենք Օժանդակելու Լիբանանին, Որպէսզի Ան Կարենայ Դիմագրաւել Գաղթականներու Տագնապը»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Ժընեւի մէջ մասնակցեցաւ Խորհրդարաններու միջազգային համադաշնակցութեան 135-րդ խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին պահանջեց պաղեստինեան հարցին արդար լուծում մը ապահովել, ընդգծեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ խորհրդարաններու դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը, պահանջեց Սուրիոյ եւ շրջանի երկիրներուն, ինչպէս` Եմէնի, Լիպիոյ եւ Իրաքի տագնապներուն քաղաքական լուծումներ գտնել, ինչպէս նաեւ օժանդակել Լիբանանին, որպէսզի կարենայ դիմագրաւել գաղթականներու տագնապը:

«Կը Շարունակեմ Մնալ Նախագահական  Ընտրութեան Թեկնածու Եւ Պատրաստ Եմ  Յաղթանակի Կամ Պարտութեան»  Շեշտեց Ֆրենժիէ

«Կը Շարունակեմ Մնալ Նախագահական Ընտրութեան Թեկնածու Եւ Պատրաստ Եմ Յաղթանակի Կամ Պարտութեան» Շեշտեց Ֆրենժիէ

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ երեկոյեան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք կը մնայ նախագահական ընտրութեան թեկնածու` աւելցնելով, որ հոգեպէս եւ քաղաքական գետնի վրայ պատրաստ է յաղթանակի կամ պարտութեան: Ֆրենժիէ մաղթեց, որ Լիբանան դուրս գայ իր ապրած տեղքայլէն` աւելցնելով, որ այդ իրավիճակը Լիբանանը սպաննած է տնտեսապէս եւ ընկերային մակարդակի վրայ: «Ես ոչ մէկ հարց ունիմ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում...

Վարչապետ Սալամ  Կառավարութիւնը Հրաւիրեց Նիստի

Վարչապետ Սալամ Կառավարութիւնը Հրաւիրեց Նիստի

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ կառավարութիւնը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի հինգշաբթի, 27 հոկտեմբեր 2016-ին` քննարկելու համար 83 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ վարչապետարանին մէջ ընդունեց երեսփոխան Պահիա Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող զարգացումները: Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային...

Ժոմպլաթ. «Ընկերվար Յառաջդիմական  Կուսակցութիւնը Այսօր  Պիտի Գումարէ Նիստ Մը»

Ժոմպլաթ. «Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Նիստ Մը»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավարութիւնը այսօր պիտի գումարէ իր նիստը` խորհրդակցելէ ետք Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքին անդամ երեսփոխաններուն հետ: Նշենք, որ Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքը անցեալ շաբաթ օր հանդիպում մը ունեցաւ Ժոմպլաթի նախագահութեամբ` քննարկելու համար Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան նկատմամբ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ցուցաբերած զօրակցութեան հարցը:

«Իրան Եւ Սէուտական Արաբիա Ոչ Մէկ  Թեկնածուի Դէմ Վեթօ Կը Կիրարկեն»  Շեշտեց Քաակ

«Իրան Եւ Սէուտական Արաբիա Ոչ Մէկ Թեկնածուի Դէմ Վեթօ Կը Կիրարկեն» Շեշտեց Քաակ

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով Իրան եւ Սէուտական Արաբիա ոչ մէկ թեկնածուի դէմ վեթօ կը կիրարկեն: Քաակ հաստատեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին եւ իր այցելած երկիրներուն կեցուածքը` Լիբանանի նախագահական ընտրութեան վերաբերեալ, եղած է հետեւեալը. «Լիբանանցիները պէտք է տան իրենց որոշումը»: Քաակ շեշտեց սակայն, որ Լիբանանի ղեկավարներուն եւ օտար...

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան  Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ուահապի

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ուահապի

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Սիմոն Ապի Ռամիա եւ Զիատ Ասուատ, երէկ այցելեց Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան առումով արձանագրուած զարգացումները: Հանդիպումէն ետք Ապի Ռամիա շեշտեց, որ Ուահապի հետ հանդիպումը եղած է թափանցիկ, անկեղծ եւ յանդուգն: Ապի Ռամիա հաստատեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր....

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի միջեւ դաշինքը շատ աւելի հզօր է, քան որեւէ զարգացում, հետեւաբար այդ դաշինքը ոչ մէկ ձեւով կարելի է ցնցել: ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ յայտնեց, որ բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, որ 31 հոկտեմբերի նախագահական նիստին ընթացքին համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հանրապետութեան նախագահ...

«Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան  Երեսփոխանական Պլոքը Պիտի Քուէարկէ Ի Նպաստ Զօր. Միշել Աունի»  Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Երեսփոխանական Պլոքը Պիտի Քուէարկէ Ի Նպաստ Զօր. Միշել Աունի» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Հըզպալլայի պատասխանատուներէն Հաթեմ Համատէի (ծանօթ` հաժ Ալա ծածկանունով) նահատակութեան եօթնօրէքին առիթով արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընթացքին շնորհաւորեց Դիմադրութիւնը` Համատէի արժանացած նահատակութեան առիթով: Սէյիտ Նասրալլա ողջունեց հաժ Ալայի նուաճումները` շեշտելով, որ Դիմադրութիւնը պիտի շարունակէ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ իր մղած պայքարը: Ներքին լիբանանեան առումով ան վերահաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան յաջորդ...

Պըրրի. «Խորհրդարանին Օրինաթիւը Չգոյացնելու Իմաստով Աշխատանք Չեմ Տարած Եւ Պիտի Չտանիմ»

Պըրրի. «Խորհրդարանին Օրինաթիւը Չգոյացնելու Իմաստով Աշխատանք Չեմ Տարած Եւ Պիտի Չտանիմ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթ երեկոյեան հասաւ Ժընեւ` մասնակցելու համար Խորհրդարաններու միջազգային համադաշնակցութեան խորհրդաժողովին, իբրեւ Արաբական երկիրներու խորհրդարաններու համադաշնակցութեան եւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ: Պըրրիի ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կազմեցին երեսփոխաններ Եասին Ժապեր, Պասեմ Շապ եւ Ժիլպերթ Զուէյն: Կը նախատեսուի, որ Պըրրի այսօր նախագահէ Արաբական երկիրներու խորհրդարաններու համադաշնակցութեան նիստին: Միւս կողմէ, դէպի Ժընեւ ճամբորդութեան ընթացքին իրեն ընկերակցող լրագրողներու պատուիրակութեան հետ զրոյցի...

Լիթանի Գետը Ապականումէ Պահպանելու Ազգային Արշաւ

Լիթանի Գետը Ապականումէ Պահպանելու Ազգային Արշաւ

Հովանաւորութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ զօրակցութեամբ Ազատագրում եւ բարգաւաճում, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան եւ Զահլէի երեսփոխանական պլոքներուն, Քասիմիէ շրջանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Լիթանի գետը ապականումէ պահպանելու ազգային արշաւ մը, որուն մասնակցեցան Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի ներկայացուցիչներն ու մեծ թիւով քաղաքացիներ, որոնք մասնակցեցան Լիթանի գետին մաքրութեան: Խորհրդարանի հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ Լիթանիի ապականումը շարք մը սխալներու հետեւանք է,...

Ռիֆի. «Կը Մերժենք Երկրին Վրայ Պարտադրուող Իրանեան Հոգատարութիւնը»

Ռիֆի. «Կը Մերժենք Երկրին Վրայ Պարտադրուող Իրանեան Հոգատարութիւնը»

Արդարութեան հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը համազօր է նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դէմ պայքարած սուրիական հոգատարութեան ժամանակաշրջանին: Ռիֆի այս յայտարարութիւնը կատարեց անցեալ շաբաթ յետմիջօրէին Թրիփոլիի իր բնակարանին դիմաց զօր. Աունի թեկնածութիւնը մերժող նստացոյցի մը ընթացքին: Ան նշեց, որ հիւսիսային Լիբանանի նահանգապետ Ռամզի Նոհրա, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքին հաւանութեամբ,...

Միացեալ Նահանգներ Պիտի Յարգեն Լիբանանի Նախագահական Ընտրութիւնը

Միացեալ Նահանգներ Պիտի Յարգեն Լիբանանի Նախագահական Ընտրութիւնը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը երէկ մեկնաբանեց Լիբանանի նախագահական ընտրութեան վերաբերեալ Միացեալ  Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի յայտարարութիւնները: Բանբերը նշեց, որ Քերրի յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան խորհրդարանը կատարէ նախագահական ընտրութիւններ եւ ընտրէ հանրապետութեան նախագահ մը` նկատի ունենալով, որ Լիբանան երկուքուկէս տարիէ ի վեր նախագահական թափուր աթոռի դրութիւն կ՛ապրի: Ան նշեց, որ Քերրի անհրաժեշտ կը նկատէ նաեւ, որ լիբանանցի...

Խալիլ. «Պատրաստ Ենք Բոլորին Հետ Գործակցելու»

Խալիլ. «Պատրաստ Ենք Բոլորին Հետ Գործակցելու»

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ Ժիէի մէջ նախագահեց Ամալ շարժումի քաղաքապետական խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ քաղաքական երկու խմբաւորումներ կամ կուսակցութիւններ չեն կրնար որոշել Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն ճակատագիրը: «Նման համաձայնութիւններուն նկատմամբ յարգանքը պահպանելով հանդերձ, անհրաժեշտ կը գտնենք ազգային համաձայնութիւններու գոյացումը, որովհետեւ միայն նման համաձայնութիւններու շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ դուրս գալ քաղաքական տագնապէն եւ երկիրը փոխադրել աշխատանքի եւ բարգաւաճման նոր փուլ», ըսաւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ յետմիջօրէին վերադարձաւ Պէյրութ` Հռոմ կատարած իր աշխատանքային այցելութիւնը աւարտելէ ետք: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ մաղթեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը համախոհութիւն գոյացնեն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան շուրջ, որպէսզի 31 հոկտեմբեր 2016-ին ճշդուած խորհրդարանի նիստին ընթացքին նախագահական ընտրութիւն կատարուի: ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքը շաբաթավերջին ընդարձակ հանդիպում մը...

Ռապիէի Մէջ .  «Պիտի Ունենանք Զուտ Լիբանանեան Որոշումով Հանրապետութեան Նախագահ Մը»   Շեշտեց Ժահժահ

Ռապիէի Մէջ . «Պիտի Ունենանք Զուտ Լիբանանեան Որոշումով Հանրապետութեան Նախագահ Մը» Շեշտեց Ժահժահ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը` ընկերակցութեամբ կուսակցութեան տեղեկատուական եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշիի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան: Հանդիպումէն ետք Ժահժահ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան առնչութեամբ արձանագրուած զարգացումը հիմնական փաստ մըն է, որ տակաւին լիբանանեան գոյացութիւն կայ: Ան շեշտեց, որ...

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Կը Շարունակէ Քաղաքական Կողմերուն Հետ Իր Հանդիպումները

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Կը Շարունակէ Քաղաքական Կողմերուն Հետ Իր Հանդիպումները

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ամալ Ապու Զէյտ եւ Զիատ Ասուատ, երէկ այցելեց Սայտա` շարունակելու համար երկրին քաղաքական տարբեր ուժերուն հետ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հանդիպումները: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատուիրակութիւնը Սայտա կատարած իր այցելութիւնը սկսաւ Մաժտալիունէն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան  երկրին իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող շարք մը...

Ուիսամ Հասանի Նահատակութեան Դ. Տարելիցի Նշում

Ուիսամ Հասանի Նահատակութեան Դ. Տարելիցի Նշում

Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի նահատակութեան Դ. տարելիցին առիթով, երէկ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը, ներկայութեամբ` նախկին վարչապետ, Մուսթաքպալ հոսանքի նախագահ Սաատ Հարիրիի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուսի եւ Ուիսամ Հասանի ընտանիքին: Իր խօսքին մէջ Պասպուս ողջունեց Հասանի յիշատակը`...

Մուքպել Քիճիանի Հետ Կը Քննարկէ Երկկողմանի Զինուորական Գործակցութեան Հեռանկարները

Մուքպել Քիճիանի Հետ Կը Քննարկէ Երկկողմանի Զինուորական Գործակցութեան Հեռանկարները

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիանը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն պաշտպանութեան նախարարութիւններուն յարաբերութիւնները: Քիճիան յայտնեց, որ Չինաստան պատրաստակամ է զինուորապէս օժանդակելու Լիբանանին` երկու երկիրներուն միջեւ պաշտպանութեան մարզերու գործակցութիւնը ամրապնդելու առումով: Քիճիան Մուքպելին յայտնեց նաեւ, որ Չինաստան պատրաստ է լիբանանեան բանակին տրամադրելու այնպիսի զէնքեր, որոնք կը նպաստեն ահաբեկչութեան դէմ...

Հիւսէյնի. «Երեսփոխանին Իրաւունքն Է Նախագահական Ընտրութեան Նիստէն Բացակայիլ Եւ Ժամանակն Է Ընտրելու Փոխանցման Շրջանի Նախագահ Մը»

Հիւսէյնի. «Լիբանան Կարիքը Ունի Որակական Փոփոխութեան Մը, Որուն Շնորհիւ Կարելի Ըլլայ Երկրին Սահմանադրական Կեանքը Վերադարձնել»

Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Հիւսէյնի յայտնեց, որ Հըսին այցելութիւնը պարտականութիւն է, յատկապէս երբ երկիրը դժուար եւ բարդ պայմաններ կը դիմագրաւէ, ինչպէս է պարագան այս օրերուն: «Կարեւորը կը մնայ այն, որ լիբանանեան պետական հաստատութիւնները վերսկսին գործել, եւ պահպանուի երկրին ժողովրդավարութիւնը, որովհետեւ ժողովուրդն է իշխանութիւններուն...

Ամին Ժեմայէլ Նաժարիի Եւ Քիճիանի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Ամին Ժեմայէլ Նաժարիի Եւ Քիճիանի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ Պիքֆայայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Նաժարի յայտնեց, որ Եգիպտոսի համար առաջնահերթութիւն է, որ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարուի: Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը պէտք է համախոհութիւն գոյացնեն եւ նախագահական ընտրութիւն կատարեն, որովհետեւ նախագահական աթոռի թափուր դրութիւնը կը վնասէ Լիբանանի շահերուն: Ժեմայէլի...

Page 789 of 986 1 … 788 789 790 … 986

Արխիւներ