Լիբանանեան

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Կը Մերժէ  Մաս Կազմել Նախագահական  Ընտրութեան Համաձայնութեան

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Կը Մերժէ Մաս Կազմել Նախագահական Ընտրութեան Համաձայնութեան

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Փաղանգաւոր կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնատեղիին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ երկուշաբթի, 31 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան նիստին ընթացքին պիտի քուէարկեն իրենց համոզումներուն համաձայն, առանց մաս կազմելու նախագահական ընտրութեան համաձայնութեան: Անդրադառնալով այն յայտարարութիւններուն, թէ նախագահական ընտրութիւնը լիբանանեան արտադրութիւն է, Ժեմայէլ ըսաւ, որ ազատ եւ ժողովրդավար Լիբանանի մէջ «լիբանանեան...

Զօր. Աունի Տեղեկատուական Գրասենեակը  Կոչ Կ՛ուղղէ 31 Հոկտեմբերը  Վերածելու Ազգային Օրուան

Զօր. Աունի Տեղեկատուական Գրասենեակը Կոչ Կ՛ուղղէ 31 Հոկտեմբերը Վերածելու Ազգային Օրուան

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ 31 հոկտեմբերին խորհրդարանը պիտի ընտրէ հանրապետութեան նախագահը` նախագահական աթոռի երկուքուկէս տարուան թափուր դրութենէն ետք: «Զօր. Աուն շնորհակալութիւն կը յայտնէ եւ կ՛արժեւորէ բոլոր անոնց, որոնք կը պատրաստուին ազգային այս առիթը տօնելու, սակայն ան կոչ կ՛ուղղէ բոլորին ենթարկուելու օրէնքին եւ կարգն ու կանոնը յարգելու...

Ցամաքային Փոխադրութեան Սենտիքաներու  Համադաշնակցութիւնը Կը Մերժէ Լիբանանեան  Հանրութեան Եւ Պետութեան Իրաւունքներուն Դէմ  Ոտնձգութիւններ Գործող Ընկերութիւնները

Ցամաքային Փոխադրութեան Սենտիքաներու Համադաշնակցութիւնը Կը Մերժէ Լիբանանեան Հանրութեան Եւ Պետութեան Իրաւունքներուն Դէմ Ոտնձգութիւններ Գործող Ընկերութիւնները

Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Հանրութեան փոխադրութեան յատուկ ինքնաշարժներու վարորդներու համադաշնակցութիւնը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ ամբողջ Լիբանանի տարածքին գործադրեցին ընդհանուր գործադուլ մը, որուն ընթացքին անոնք փակեցին տարբեր շրջաններու ճամբաները` պատճառելով երթեւեկի ահաւոր խճողում: Քոլայի եւ Մարզական աւանին մօտակայքը ճամբաները փակող սենտիքայի անդամ վարորդներ բռնի ուժով փորձեցին աշխատանքի ուղղուող քաղաքացիները իրենց ինքնաշարժներէն դուրս բերել: Կէսօրին համադաշնակցութեան անդամները համախմբուեցան Ռիատ...

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան  Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հըլուի

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հըլուի

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ եւ երեսփոխաններ Սիմոն Ապի Ռամիա, Զիատ Ասուատ, Նաժի Ղարիոս եւ Հիքմաթ Տիպ, երէկ երեկոյեան այցելեց Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ, նախագահական թեկնածու Հանրի Հըլուի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան մանրամասնութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ապու Սաապ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան յաջորդող նոր...

Բանակը Այն Հելուէի Մօտ Կեդրոն Մը Պիտի Ստանայ

Լիբանանեան բանակը Այն Հելուէի մէջ պիտի ստանայ կեդրոն մը, ուր գաղթակայանին ապահովութեան պիտի հսկէ` գործակցութեամբ պաղեստինեան ապահովական ուժերուն: Միւս կողմէ, բանակը երէկ Մընիէի մէջ ներխուժեց բնակարան մը, ուր ձերբակալեց տասը սուրիացիներ, որոնք անձնական փաստաթուղթեր չունէին:

Միւֆթի Տըրիան Ընդունեց Մամլոյ Սենտիքայի  Մէկ Պատուիրակութիւնը Եւ Ապտել Ռահիմ Մըրատը

Միւֆթի Տըրիան Ընդունեց Մամլոյ Սենտիքայի Մէկ Պատուիրակութիւնը Եւ Ապտել Ռահիմ Մըրատը

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Մամլոյ սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ` սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքիի: Հանդիպումէն ետք Քաաքի յայտնեց, որ միւֆթի Տըրիան լաւատես է եւ ուրախ` քանի մը օր ետք տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան առիթով: Քաաքի նշեց նաեւ, որ Տըրիան հանդիպումին ընթացքին հաստատած է նաեւ, որ Լիբանան չի կրնար առանց հանրապետութեան նախագահի գոյատեւել` նկատի ունենալով,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի համադաշնակցութեան նախագահ Ուատիհ Խազեն երէկ հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսին հետ: Հանդիպումէն ետք Խազեն յայտնեց, որ հակառակ քաղաքական տարակարծութիւններուն` նախագահական ընտրութիւն կատարելու հարցին...

Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց  Նախագահական Ընտրութեան Նիստի,  Որ Պիտի Գումարուի Երկուշաբթի,  31 Հոկտեմբերին

Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց Նախագահական Ընտրութեան Նիստի, Որ Պիտի Գումարուի Երկուշաբթի, 31 Հոկտեմբերին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց նախագահական ընտրութեան նիստի, որ պիտի գումարուի երկուշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2016-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին: Պըրրի յայտնեց, որ նիստին օրինաթիւը բոլորին համար յստակ է` աւելցնելով, որ այնքան ատեն որ նախորդ նիստին ատենագրութիւնը կարդացուած եւ վաւերացուած է, ապա խորհրդարանը կը գտնուի նոր նիստի մը դիմաց, որ կրնայ երկու փուլով գումարուիլ, եթէ առաջին փուլին կարելի չըլլայ հանրապետութեան նախագահ...

Ֆրենժիէ Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

Ֆրենժիէ Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ կէսօրին այցելեց Տիման, ուր ընդունուեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ: 45 վայրկեան տեւած  հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ ունեցած իր հանդիպումին մթնոլորտը եղած է դրական: Ան աւելցուց, որ նախագահական նիստէն առաջ Ռայի պատրիարքին հետ տեղի ունենալիք հանդիպումը  անհրաժեշտ է` երկրին իրադարձութիւնները  քննարկելու առումով: Լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով` Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ...

Զօր. Աուն Ընդունեց Թրիփոլիի Իսլամ  Հոգեւորականներու Մէկ Պատուիրակութիւնը

Զօր. Աուն Ընդունեց Թրիփոլիի Իսլամ Հոգեւորականներու Մէկ Պատուիրակութիւնը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Թրիփոլիի իսլամ հոգեւորականներուն մէկ պատուիրակութիւնը, որուն անունով շէյխ Ահմետ Քամմուն յայտնեց, որ իրենց այցելութեան նպատակն է շնորհաւորել զօր. Աունը` մաղթելով, որ անոր իշխանութեան տարիները յատկանշուին հիմնական երկու նուաճումներով` աղքատութեան դէմ պայքարն ու ուսման անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ առանց ուսումի եւ գիտութեան անկարելի է հայրենիք կերտել: Հանդիպումէն ետք շէյխ Քամմուն...

Մեհրապի Մէջ.  Քարիւղի Եւ Բնական Կազի Մարզին  Թափանցիկութեան Ամրապնդումին  Նուիրուած Խորհրդաժողով

Մեհրապի Մէջ. Քարիւղի Եւ Բնական Կազի Մարզին Թափանցիկութեան Ամրապնդումին Նուիրուած Խորհրդաժողով

Հովանաւորութեամբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի, երէկ Մեհրապի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը, որ նուիրուած էր քարիւղի եւ բնական կազի մարզին թափանցիկութեան ամրապնդումին: Խորհրդաժողովին ներկայ գտնուեցան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով նախարարներ եւ երեսփոխաններ: Իր արտասանած խօսքին մէջ Ժահժահ ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ գրեթէ բոլոր մարզերուն իրավիճակը վատթարացած է, նկատի ունենալով նախորդ երկուքուկէս...

Հըլու. «Պիտի Շարունակեմ Մնալ Նախագահական  Ընտրութեան Թեկնածու, Այնքան Ատեն  Որ Անիկա Երկրին Շահերուն Կը Ծառայէ»

Հըլու. «Պիտի Շարունակեմ Մնալ Նախագահական Ընտրութեան Թեկնածու, Այնքան Ատեն Որ Անիկա Երկրին Շահերուն Կը Ծառայէ»

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանրի Հըլու յայտնեց, որ ինք պիտի շարունակէ նախագահական ընտրութեան թեկնածու մնալ, այնքան ատեն որ անիկա երկրին շահերուն կը ծառայէ: Ան հաստատեց, որ ինք մնայուն պայքար պիտի մղէ փտածութեան դէմ: Հըլու նշեց, որ իրենց համար հպարտութիւն է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ լաւ յարաբերութիւն ունենալը` աւելցնելով, որ ինք շնորհակալ է Ժոմպլաթէն` անոր վստահութիւնը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցերը: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ դատական իշխանութիւններուն փոխանցեց սուրիացի յանցագործ Ալա Խալետ Քըհիլը, որ ուղղակի կապեր ունի ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ: Ըստ բանակին հաղորդագրութեան, Քըհիլ յարձակումներ գործած է Արսալի մէջ լիբանանեան բանակի կեդրոններուն...

Պըրրի. «Հանրապետութեան Նախագահի  Ընտրութիւնը Անբաւարար Է, Որովհետեւ Բուն  Աշխատանքները Այդ Ընտրութենէն Ետք  Իրենք Զիրենք Կը Պարտադրեն»

Պըրրի. «Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութիւնը Անբաւարար Է, Որովհետեւ Բուն Աշխատանքները Այդ Ընտրութենէն Ետք Իրենք Զիրենք Կը Պարտադրեն»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ կը գտնուի Ժընեւ, ուր մասնակցած էր Խորհրդարաններու միջազգային համադաշնակցութեան 135-րդ խորհրդաժողովին, նախանցեալ երեկոյեան դարձաւ Ժընեւի մէջ Լիբանանի դեսպան Նաժլա Ասաքերի ընթրիքի հիւրը: Իր արտասանած խօսքին մէջ Պըրրի յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի նախագահական ընտրութեան սեմին, որ պիտի կատարուի 31 հոկտեմբերին: Պըրրի մաղթեց, որ այդ քայլը իրականանայ, որովհետեւ Լիբանան խիստ կարիքը ունի այդ ընտրութեան` առանց յաւելեալ...

Եգիպտոսի Մէջ.  Զաայթեր Մասնակցեցաւ Փոխադրութեան  Հարցերու Արաբ Նախարարներու  Գործադիր Խորհուրդի Նիստին

Եգիպտոսի Մէջ. Զաայթեր Մասնակցեցաւ Փոխադրութեան Հարցերու Արաբ Նախարարներու Գործադիր Խորհուրդի Նիստին

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր երէկ մասնակցեցաւ փոխադրութեան հարցերու արաբ նախարարներու գործադիր խորհուրդի նիստին, որ տեղի ունեցաւ Եգիպտոսի մէջ: Զաայթեր յայտնեց, որ սկզբունքով այդ նիստը պիտի գումարուէր Լիբանանի մէջ, սակայն աւելի ուշ որոշուեցաւ փոխադրութեան հարցերու արաբ նախարարներու նիստը գումարել Եգիպտոսի մէջ` նկատի ունենալով, որ Եգիպտոս արաբական հարցերը եւ տագնապները հիւրընկալող նաւահանգիստն է: Նշենք, որ Զաայթեր Գահիրէի մէջ...

«Նախագահական Ընտրութեան 31 Հոկտեմբերի  Նիստին Պիտի Մասնակցինք` Գործնականացնելու  Համար Զօր. Աունի Շուրջ Գոյացած Համախոհութիւնը»  Շեշտեց Քանաան

«Նախագահական Ընտրութեան 31 Հոկտեմբերի Նիստին Պիտի Մասնակցինք` Գործնականացնելու Համար Զօր. Աունի Շուրջ Գոյացած Համախոհութիւնը» Շեշտեց Քանաան

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին: Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ վերջերս գոյացած համաձայնութիւններն ու փոխըմբռնումները հիմնուած են իսլամ-քրիստոնեայ իսկական գործակցութեան վրայ` աւելցնելով, որ անոնք ճշմարիտ արտայայտութիւնը կը նկատուին Ազգային ուխտին, որ հեռու է երկկողմանի կամ եռակողմանի համաձայնութիւններու տրամաբանութենէն: Քանաան հաստատեց, որ լիբանանցիները վարժուած են...

Պասիլ Նամակ Մը Ստացաւ  Էդուարդ Նալբանդեանէն

Պասիլ Նամակ Մը Ստացաւ Էդուարդ Նալբանդեանէն

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները: Հանդիպումին ընթացքին Մկրտչեան Պասիլին յանձնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի կողմէ ուղղուած նամակ մը:

Ռապիէի Մէջ.   «Մենք Կը Փափաքինք Միայն  Շնորհաւորել Զօր. Աունը»   Յայտնեց Սաֆատի

Ռապիէի Մէջ. «Մենք Կը Փափաքինք Միայն Շնորհաւորել Զօր. Աունը» Յայտնեց Սաֆատի

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Մոհամետ Սաֆատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցերը: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Սաֆատի ըսաւ. «Մենք կը փափաքինք միայն շնորհաւորել զօր. Աունը»: Ան մաղթեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարուի 31 հոկտեմբերի նիստին ընթացքին:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԹՐԻՓՈԼԻԻ մէջ մաքսատան ոստիկանութիւնը երէկ գետնախնձորով լեցուն սուրիական բեռնատարի մը մէջ բացայայտեց մեծ քանակութեամբ քեփթակոն դեղահատեր: Մաքսատան ոստիկանները այս խուզարկումը կատարեցին, երբ քեփթակոնով լեցուն բեռնարկղը պիտի զետեղուէր նաւուն վրայ` փոխադրուելու համար Սէուտական Արաբիա: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ընդգծեց Լիբանանի մէջ բոլոր սկզբունքները յարգելու կարեւորութիւնը` հաստատելով հանրապետութեան հզօր նախագահ մը ընտրելու անհրաժեշտութիւնը: Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց գործադրելու Թաէֆի համաձայնագիրը եւ...

Սէյիտ Նասրալլա Ընդունեց  Զօր. Միշել Աունը

Սէյիտ Նասրալլա Ընդունեց Զօր. Միշել Աունը

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա նախանցեալ երեկոյեան ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը, ընկերակցութեամբ` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի: Ներկայ գտնուեցան նաեւ սէյիտ Նասրալլայի քաղաքական խորհրդատու Հաժ Հիւսէյն Խալիլ եւ Հըզպալլայի ընդհանուր գործավար Ուաֆիք Սաֆա: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանի քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւնները: Ներկաները ընդգծեցին նախագահական ընտրութեան հոլովոյթին...

Page 788 of 986 1 … 787 788 789 … 986

Արխիւներ