
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը` ընկերակցութեամբ կուսակցութեան տեղեկատուական եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշիի:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան:
Հանդիպումէն ետք Ժահժահ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան առնչութեամբ արձանագրուած զարգացումը հիմնական փաստ մըն է, որ տակաւին լիբանանեան գոյացութիւն կայ:
Ան շեշտեց, որ ինք լաւատես է` աւելցնելով, որ վերջապէս կարելի պիտի ըլլայ դուրս գալ նախագահական ընտրութեան փապուղիէն: «Կը մաղթեմ, որ բոլորը ընտրեն զօր. Աունը, սակայն նախագահական ընտրութիւնը եւս ընտրութիւն է, եւ անպայման ոմանք կրնան դէմ ըլլալ այս կամ այն թեկնածուին: Կը հաստատեմ, որ ո՛չ մեր եւ ո՛չ ալ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավարին միտումը նշանակում կատարել է», ըսաւ ան:
Ժահժահ նկատել տուաւ, որ վերջապէս պիտի ունենանք զուտ լիբանանեան որոշումով հանրապետութեան նախագահ մը, եւ ատիկա Լիբանանի պատմութեան մէջ արձանագրուած հազուագիւտ իրադարձութիւններէն մէկն է:
Ժահժահ նշեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութեան առումով յոյսերը մեծ են, մթնոլորտը դրական է եւ 31 հոկտեմբեր 2016-ը երաշխաւորուած է, իսկ զօր. Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու քայլին կը յաջորդէ Սաատ Հարիրիի գլխաւորութեամբ կառավարութեան կազմութիւնը:
Հարիրիի Մօտ
Երեկոյեան Ժահժահ ուղղուեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Հարիրիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ժահժահ յայտնեց, որ իրենց բոլոր նախաձեռնութիւնները կը միտին իրականացնել Ուիսամ Հասանի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ծրագիրները:
Ժահժահ ողջունեց Սաատ Հարիրիի կեցուածքը` շեշտելով, որ զօր. Աունի թեկնածութեան զօրակցելու անոր կեցուածքը բնաւ դիւրին չէ եղած:
«Ես ուրախ եմ, որ երկուքուկէս տարուան այս տագնապը կարելի պիտի ըլլայ լուծել` նախագահական ընտրութիւն կատարելով», ըսաւ ան` հաստատելով, որ վարչապետի իրենց թեկնածուն Սաատ Հարիրին է:
- ՆՇԵՆՔ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ ինք վստահ չէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի զօրակցութեան արդիւնքներէն` աւելցնելով սակայն, որ ինք կը մաղթէ, որ Լիբանան ուղղուի դէպի նախագահական ընտրութիւն:


