ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ յետմիջօրէին վերադարձաւ Պէյրութ` Հռոմ կատարած իր աշխատանքային այցելութիւնը աւարտելէ ետք:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ մաղթեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը համախոհութիւն գոյացնեն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան շուրջ, որպէսզի 31 հոկտեմբեր 2016-ին ճշդուած խորհրդարանի նիստին ընթացքին նախագահական ընտրութիւն կատարուի:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքը շաբաթավերջին ընդարձակ հանդիպում մը գումարեց` նախագահութեամբ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի: Իսկ նախագահական ընտրութեան առնչութեամբ պլոքը իր վերջնական որոշումը պիտի տայ այս շաբթուան ընթացքին:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամեր Սաատէ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով կուսակցութիւնը իր վերջնական որոշումը պիտի տայ այսօրուան նիստին ընթացքին:
ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ալի Քանսօ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան շուրջ իրենց կեցուածքը պիտի յայտարարեն յաջորդող քանի մը օրերուն ընթացքին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Պէյրութ վերադառնալէ ետք պիտի նախագահէ իր պլոքի նիստին եւ յստակ որոշում մը որդեգրէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի յայտարարութեան վերաբերեալ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի առած քայլը բաւական յանդուգն էր` աւելցնելով, որ այդ քայլը կրնայ Լիբանանը դէպի նոր հանգրուան մը փոխադրել: Ան նշեց, որ զօր. Միշել Աունի ընտրութեամբ ազգային միասնականութեան եւ գործակցութեան արեւը Պաապտայէն պիտի ծագի եւ ջերմացնէ ամբողջ Լիբանանը:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել էմիր Քապալան երէկ յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին նախագահական ընտրութեան եւ պատրաստ են գործակցելու բոլորին հետ` ապահովելու համար Լիբանանի շահերը:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտնեց, որ պետական վարժարաններու տարրական դասարաններու աշակերտները արձանագրութեան ծախսերը վճարելէ զերծ կացուցուած են:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ հաստատեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի զօրակցութիւնը` երեսփոխան զօր. Միշել Աունին, կը միտի երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը վերաշխուժացնել:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Հարպ յայտնեց, որ երկրին դիմագրաւած ներկայ կացութեան ընթացքին քաղաքական խորհրդակցութիւնները կարեւոր են եւ անհրաժեշտ:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ ճարտարարուեստի նոր նախարարը պէտք է հոգատար ըլլայ նախարարութեան տնտեսական քաղաքականութեան նկատմամբ:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի արտասանած խօսքերը անկեղծ էին եւ պատասխանատու:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ Սաատ Հարիրիի նախաձեռնութեան վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի մտահոգութիւնը կը նշանակէ, թէ ճիշդ ուղիին վրայ կը գտնուինք:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի որդեգրած նախաձեռնութիւնը բաւական յանդուգն է` նկատի ունենալով, որ անոր դիմաց գտնուող բոլոր ընտրանքները յօդս ցնդած են:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա հաստատեց, որ իրենք զոյգ կամ երկկողմանի համաձայնութիւններու չեն հաւատար` աւելցնելով, որ իրենց ստորագրած միակ համաձայնութիւնը Լիբանանը պահպանելու համաձայնութիւնն է:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անթուան Սաատ հերքեց իրեն վերագրուող այն տեղեկութիւնները, թէ ինք պիտի չզօրակցի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան: Ան շեշտեց, որ ինք յանձնառու պիտի մնայ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի հրահանգներուն: Ան նշեց, որ զօր. Աուն հանրապետութեան նախագահ կրնայ ընտրուիլ Հըզպալլայի զօրակցութեան շնորհիւ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ մեծ պետութիւններուն կողմէ շրջանային հարցերով տարուած ըլլալու իրականութիւնը արտօնած է իրենց ընտրելու լիբանանեան արտադրութեամբ նախագահ մը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա յայտնեց, որ Հըզպալլա պէտք է աշխատի մօտեցնելու Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի տեսակէտները:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն շեշտեց, որ զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան զօրակցելու առումով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի յայտարարութիւնը յանդգնութեան գագաթնակէտն է:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի յանդուգն քայլը` զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան զօրակցելու իմաստով, պէտք է շարունակուի յաջորդ կառավարութեան մէջ փտածները նկատի չունենալով: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ քրիստոնեաներուն պահպանումը անհրաժեշտ է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան նիստին ինք ի նպաստ զօր. Միշել Աունի պիտի չքուէարկէ` նկատի ունենալով քաղաքական իր համոզումները:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ Հարիրիի կողմէ զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան նկատմամբ տրուած որոշումը պատմական է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Խալետ Տահեր հաստատեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի կողմէ յայտնուած զօրակցութիւնը` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան, պատմական որոշում է, որ կը ծառայէ Լիբանանի շահերուն: Տահեր աւելցուց, որ զօր. Աուն ազգային գերիշխանութեան յանձնառու անձնաւորութիւն մըն է եւ անոր ընտրութիւնը կը ծառայէ Լիբանանի շահերուն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան զօրակցութիւնը չի նշանակեր, որ նախագահական ընտրութեան ընթացքին Աունի յաղթանակը երաշխաւորուած է:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Նիքոլա Սահնաուի յայտնեց, որ իրենք տակաւին կը յուսան, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կեցուածքը փոխէ` աւելցնելով, որ Ազգային ուխտը պէտք է անպայման գործադրել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Զիատ Քատիրի յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան զօրակցութիւնը մուտք մըն է դէպի ազգային համաձայնութիւն, որմէ ոչ ոք պէտք է դուրս մնայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ ողջունեց Լիբանանի խորհրդարանին կողմէ Մարդկային իրաւունքներու ազգային խորհուրդի հիմնումը:
ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ ազատականներու շարժումի ընդհանուր քարտուղար Մուսթաֆա Համտան շեշտեց, որ Լիբանանի նոր կառավարութիւնը անկարելի է կազմել, եթէ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի շարունակէ Հըզպալլայի դէմ արտայայտութիւններ ունենալ:
ԿԸ նախատեսուի, որ յառաջիկայ օրերուն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կողմէ գործուղուած բարձրաստիճան ներկայացուցիչ մը այցելէ Ռապիէ` շնորհաւորելու համար Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, ֆրանսական աղբիւրներ հաստատած են, որ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի կառավարութիւնը կազմելու առումով հարցեր պիտի դիմագրաւէ, եթէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հանրապետութեան նախագահ ընտրուի:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանը խաղաղութեան եւ ապահովական կայունութեան շրջան մը կ՛ապրի:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքը միացեալ որոշումով պիտի ներկայանայ նախագահական ընտրութեան նիստին:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի աղբիւրներէն` կը գրէ, թէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան իր զօրակցութիւնը անկարելի էր, որ կատարուէր առանց Սէուտական Արաբիոյ հաւանութեան:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ` նախքան նախագահական նիստին կայացումը:


