Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուիսամ Հասանի Նահատակութեան Դ. Տարելիցի Նշում

October 22, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

wisam_102116

Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի նահատակութեան Դ. տարելիցին առիթով, երէկ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը, ներկայութեամբ` նախկին վարչապետ, Մուսթաքպալ հոսանքի նախագահ Սաատ Հարիրիի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուսի եւ Ուիսամ Հասանի ընտանիքին:

Իր խօսքին մէջ Պասպուս ողջունեց Հասանի յիշատակը` անդրադառնալով ապահովական մարզին մէջ անոր իրագործած հսկայ նուաճումներուն, որոնցմէ էր տեղեկահաւաքի բաժանմունքին հիմնումը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ բացայայտել մեծ թիւով ահաբեկչական կազմակերպութիւններ, ոճրագործներ եւ աւազակախումբեր:

«Քեզ սպաննելով ահաբեկիչները կրցան միայն ֆիզիքապէս վերջ տալ գոյութեանդ, սակայն տեղեկահաւաքի բաժանմունքը զարգացնելու եւ հայրենիքը պաշտպանելու ծրագիրը ոչնչացնելու առումով անոնք չարաչար ձախողեցան», ըսաւ Պասպուս` աւելցնելով, որ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը պիտի մնայ ազգային հաստատութիւն մը եւ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը:

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ Հասան զգացումներով եւ ատելութեամբ չէր առաջնորդուեր իր ստանձնած պատասխանատուութիւններուն մէջ, այլ` կատարեալ պատասխանատուութեամբ, փորձելով վերականգնել լիբանանեան պետութիւնը: «Եթէ ան մեր միջեւ ներկայ ըլլար, պիտի փութար հասկնալու երկրին հարցերուն լուծումներ գտնելու քայլերը», ըսաւ ան:

Մաշնուք իր խօսքը ուղղելով նահատակ զօրավարին յայտնեց, որ Պասպուս ճիգ չի խնայեր ներքին ապահովութեան ուժերուն պարագային սրբագրելու այն մեծաթիւ սխալները, որոնց մասին կը բողոքէիր:

«Մենք քեզի խոստացած էինք, որ քու սպանութիւնդ ծրագրող եւ անոր մեղսակցող յանցագործներուն վերաբերող դատական սխալներուն դէմ պիտի պայքարինք, եւ ահա այդ յանցագործը ազատ արձակուելէ ետք վերադարձաւ բանտ», ըսաւ ան:

Մաշնուք նշեց, որ Հասան փաստած է, թէ հաստատութիւններուն կառուցումը կարելի կը դառնայ, երբ կամք եւ տեսլական գոյութիւն ունի` հաստատելով, որ իրենք կրցած են պետութեան նկատմամբ իրենց հաւատքը պահել, նոյնիսկ երբ գործակից մը գտնելու իմաստով իրենց հաւատքը թուլցած էր: «Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը նախագահ ընտրելու առումով նախանցեալ օրուան քայլը կրնայ վերջինը ըլլալ եւ անիկա փորձ մըն է լուծելու հսկայ տագնապ մը, յանձնառու մնալու Թաէֆի համաձայնութեան եւ Լիբանանը հեռու պահելու Սուրիոյ պատերազմէն», հաստատեց Մաշնուք:

Ձեռնարկին աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում` կեդրոնին մուտքին գտնուող Ուիսամ Հասանի արձանին:

 

Նախորդը

Մուքպել Քիճիանի Հետ Կը Քննարկէ Երկկողմանի Զինուորական Գործակցութեան Հեռանկարները

Յաջորդը

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Կը Շարունակէ Քաղաքական Կողմերուն Հետ Իր Հանդիպումները

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.