Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Շարունակեմ Մնալ Նախագահական Ընտրութեան Թեկնածու Եւ Պատրաստ Եմ Յաղթանակի Կամ Պարտութեան» Շեշտեց Ֆրենժիէ

Հոկտեմբեր 25, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

frangieh_102416

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ երեկոյեան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք կը մնայ նախագահական ընտրութեան թեկնածու` աւելցնելով, որ հոգեպէս եւ քաղաքական գետնի վրայ պատրաստ է յաղթանակի կամ պարտութեան:

Ֆրենժիէ մաղթեց, որ Լիբանան դուրս գայ իր ապրած տեղքայլէն` աւելցնելով, որ այդ իրավիճակը Լիբանանը սպաննած է տնտեսապէս եւ ընկերային մակարդակի վրայ:

«Ես ոչ մէկ հարց ունիմ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախագահ ընտրուելուն պարագային, ընդհակառակն` կը նկատեմ, որ իմ քաղաքական ուղեգիծս յաղթած է, ինչպէս որ պիտի ըլլայ պարագան, եթէ ես յաղթական դուրս գամ: Ես անպայման կը շնորհաւորեմ զօր. Աունը, որ համբերեց եւ իրականացուց իր երազը: Բայց եւ այնպէս իւրաքանչիւր անձնաւորութիւն ունի իր պատմութիւնը. զօր. Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի անունները օր մը օրանց երկրին զարթօնքին, կայունութեան եւ բարգաւաճման հետ չեն առնչուած, այլ` պատերազմի ու քաոսի», ըսաւ ան:

Ֆրենժիէ յայտնեց, որ զօր. Աունի կողմէ իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած վարուելակերպը վերջին տասնամեակին ընթացքին վատ եղած է` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը զինք մնայուն կերպով ուզած է անտեսել, «իսկ երբ զօր. Աունին հարց տուի, թէ իր թեկնածութիւնը յետս կոչելու պարագային արդեօք իմ թեկնածութեանս կը զօրակցի՞, զօր. Աունի պատասխանը յստակ էր. «Ո՛չ»: Այս մօտեցումով եւ վարուելակերպով ան վիրաւորեց արժանապատուութիւնս», ըսաւ Ֆրենժիէ:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին վերստին վարչապետ նշանակելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ֆրենժիէ յայտնեց, որ քաղաքական գետնի վրայ իրենք ոչ մէկ հարց ունին, որ Հարիրի վարչապետի պաշտօնը ստանձնէ, «սակայն նախքան Հարիրիի անունը առաջարկելը, պէտք է սպասել խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կատարելիք խորհրդակցութիւններուն», նշեց ան:

Ֆրենժիէ շեշտեց, որ Հըզպալլայի հետ իր յարաբերութիւնները ռազմավարական են, եւ ինք մնայուն կերպով կը զօրակցի Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի, ինչ ալ ըլլան պայմանները:

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Կառավարութիւնը Հրաւիրեց Նիստի

Յաջորդը

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակին Այցելութիւնը ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնատեղի

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?