Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Կը Շարունակէ Քաղաքական Կողմերուն Հետ Իր Հանդիպումները

October 22, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

tayyar_bahiya_102116

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ամալ Ապու Զէյտ եւ Զիատ Ասուատ, երէկ այցելեց Սայտա` շարունակելու համար երկրին քաղաքական տարբեր ուժերուն հետ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հանդիպումները:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատուիրակութիւնը Սայտա կատարած իր այցելութիւնը սկսաւ Մաժտալիունէն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան  երկրին իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Նասըրական շարժումի ղեկավար Ուսամա Սաատի:

Հանդիպումէն ետք Սաատ անհրաժեշտ նկատեց ազգային միասնականութեան պահպանումը եւ համայնքային ու յարանուանական բառամթերքէն հեռու մնալը:

Սաատ զգուշացուց փտածութենէն` ընդգծելով փտածները հաշուետուութեան կանչելու անհրաժեշտութիւնը:

Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ այլ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ալեն Աուն եւ Սիմոն Ապի Ռամիա, այցելեց երեսփոխան Նէյլա Թուէյնիի, որուն հետ քննարկեց նախագահական ընտրութեան վերաբերող զարգացումները` մաղթելով, որ ան միանայ համախոհական ընդարձակ մթնոլորտին, որուն գոյացումը պիտի արդիւնաւորուի երկրին ապահովուելիք բարգաւաճումով եւ ապահովական կայունութեամբ:

Յայտնելէ ետք իր մտահոգութիւնները` Նէյլա Թուէյնի ողջունեց նախագահական առումով արձանագրուած համախոհութիւնը` նշելով սակայն, որ չի փափաքիր նախագահական ընտրութեան առումով իր որոշումը բացայայտել:

Նախորդը

Ուիսամ Հասանի Նահատակութեան Դ. Տարելիցի Նշում

Յաջորդը

Ռապիէի Մէջ . «Պիտի Ունենանք Զուտ Լիբանանեան Որոշումով Հանրապետութեան Նախագահ Մը» Շեշտեց Ժահժահ

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Լիբանանեան

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.