Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Ժընեւի մէջ մասնակցեցաւ Խորհրդարաններու միջազգային համադաշնակցութեան 135-րդ խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին պահանջեց պաղեստինեան հարցին արդար լուծում մը ապահովել, ընդգծեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ խորհրդարաններու դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը, պահանջեց Սուրիոյ եւ շրջանի երկիրներուն, ինչպէս` Եմէնի, Լիպիոյ եւ Իրաքի տագնապներուն քաղաքական լուծումներ գտնել, ինչպէս նաեւ օժանդակել Լիբանանին, որպէսզի կարենայ դիմագրաւել գաղթականներու տագնապը: