Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավարութիւնը այսօր պիտի գումարէ իր նիստը` խորհրդակցելէ ետք Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքին անդամ երեսփոխաններուն հետ:
Նշենք, որ Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքը անցեալ շաբաթ օր հանդիպում մը ունեցաւ Ժոմպլաթի նախագահութեամբ` քննարկելու համար Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան նկատմամբ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ցուցաբերած զօրակցութեան հարցը: