
Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ Ժիէի մէջ նախագահեց Ամալ շարժումի քաղաքապետական խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ քաղաքական երկու խմբաւորումներ կամ կուսակցութիւններ չեն կրնար որոշել Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն ճակատագիրը:
«Նման համաձայնութիւններուն նկատմամբ յարգանքը պահպանելով հանդերձ, անհրաժեշտ կը գտնենք ազգային համաձայնութիւններու գոյացումը, որովհետեւ միայն նման համաձայնութիւններու շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ դուրս գալ քաղաքական տագնապէն եւ երկիրը փոխադրել աշխատանքի եւ բարգաւաճման նոր փուլ», ըսաւ Խալիլ:
Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան` Խալիլ կոչ ուղղեց բոլորին կատարելու իրենց ժողովրդավարական պարտականութիւնը եւ ուղղուելու խորհրդարան, ընտրելու համար հանրապետութեան նախագահը:
«Մենք մեր կարգին պիտի ուղղուինք խորհրդարան, պիտի քուէարկենք եւ պիտի շնորհաւորենք յաղթական թեկնածուն: Մենք պատրաստ ենք բոլորին հետ գործակցելու` աւելի լաւ Լիբանան մը կերտելու նպատակով», շեշտեց Խալիլ:


