Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Սիմոն Ապի Ռամիա եւ Զիատ Ասուատ, երէկ այցելեց Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան առումով արձանագրուած զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Ապի Ռամիա շեշտեց, որ Ուահապի հետ հանդիպումը եղած է թափանցիկ, անկեղծ եւ յանդուգն:
Ապի Ռամիա հաստատեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կը գտնուի Պաապտայի պալատի սեմին` աւելցնելով, որ ան բարեկարգումի ծրագիրի հեղինակ է, եւ անոր ծրագիրները միայն օրէնքով կը բնորոշուին:
Ապի Ռամիա շնորհակալութիւն յայտնեց Ուահապին, որ մնայուն կերպով զօրակցած է զօր. Աունի թեկնածութեան` աւելցնելով, որ սկզբունքով 31 հոկտեմբերի նիստին կարելի պիտի ըլլայ զօր. Աունը ընտրել հանրապետութեան նախագահ:
Իր կարգին, Ուահապ շեշտեց, որ քանի մը օրէն զօր. Աուն պիտի դառնայ հանրապետութեան նախագահ` հաստատելով, որ ատիկա ճշմարտութիւն մըն է:
Ուահապ ըսաւ, որ լիբանանցիներուն մօտ կարելի է շօշափել հրճուանք մը, որ արդիւնք է այն համոզումին, թէ զօր. Աուն փոփոխութեան եւ բարեկարգումի ծրագիր ունի, եւ անոր գործադրութիւնը անհրաժեշտութիւն պիտի ըլլայ:
Ուահապ նշեց, որ զօր. Աունի իշխանութեան հաստատումով հանրապետութիւնը իրարու ջնջելու եւ կամ զիրար քաղաքական հաւասարակշռութենէն դուրս ձգելու վայր մը պիտի չըլլայ: