Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Երեսփոխանական Պլոքը Պիտի Քուէարկէ Ի Նպաստ Զօր. Միշել Աունի» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

October 24, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

nasrallah-tv_102316

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Հըզպալլայի պատասխանատուներէն Հաթեմ Համատէի (ծանօթ` հաժ Ալա ծածկանունով) նահատակութեան եօթնօրէքին առիթով արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընթացքին շնորհաւորեց Դիմադրութիւնը` Համատէի արժանացած նահատակութեան առիթով:

Սէյիտ Նասրալլա ողջունեց հաժ Ալայի նուաճումները` շեշտելով, որ Դիմադրութիւնը պիտի շարունակէ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ իր մղած պայքարը:

Ներքին լիբանանեան առումով ան վերահաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան յաջորդ նիստին Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը իր բոլոր անդամներով պիտի մասնակցի ընտրութեան եւ պիտի քուէարկէ ի նպաստ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի: «Իսկ եթէ խորհրդարանը արտօնէ, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխանները իրենց քուէները ցոյց տան բոլորին, ապա մենք նաեւ պատրաստ ենք այդ քայլին` փաստելու համար, որ մենք հաւատարիմ կը մնանք զօր. Աունին զօրակցելու մեր որոշումին», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` աւելցնելով, որ իրենք մեծ զոհողութիւն կը կատարեն Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի կողմէ վարչապետի պաշտօնին թեկնածութեան չառարկելով:

Անդրադառնալով Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումին միջեւ յարաբերութեան` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ անիկա շատ աւելի խորունկ եւ հաստատուն է, քան բոլոր այն գրգռութիւնները, որոնք կը կատարուին` երկու ուժերուն միջեւ երկփեղկում յառաջացնելու  նպատակով:

Ան հաստատեց նաեւ, որ Հըզպալլա ջանքեր ի գործ կը դնէ, որ դաշնակից քաղաքական ուժերուն միջեւ նախագահական ընտրութեան շուրջ տեսակէտներու մերձեցում գոյանայ եւ կարելի ըլլայ հանդարտ ու խաղաղ նախագահական ընտրութիւն կատարել:

Շրջանային զարգացումներուն կատարած իր անդրադարձին մէջ սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ ոչ ոք թող գրաւի ենթարկէ Սուրիոյ մէջ իրենց արձանագրելիք յաղթանակը:

«Դիմադրութիւնը Լիբանան դարձնող միակ դրութիւնը Սուրիոյ մէջ արձանագրուելիք յաղթանակն է», հաստատեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան նպատակը Դիմադրութեան զօրակից երկիրներու առանցքին եւ այդ երկիրներուն վարչակարգերուն դէմ մղուած պայքարը չէ, այլ` ամբողջ շրջանին մէջ գոյութենական փոփոխութիւններ, ժողովրդագրական եւ քաղաքական փոփոխութիւններ, ինչպէս նաեւ երկիրներու սահմաններու փոփոխութիւններ կատարելու պայքար մը: «Երբ այս մասին կը խօսիմ, համայնքային եւ յարանուանական փոքրամասնութիւնները չէ որ նկատի ունիմ», ըսաւ ան:

Այս շրջագիծին մէջ սէյիտ Նասրալլա խստիւ քննադատեց Թուրքիոյ այն կեցուածքը, թէ Լոզանի համաձայնագիրը պէտք է վերատեսութեան ենթարկուի եւ Մուսուլը Թուրքիոյ վերադարձուի, որովհետեւ ան թրքական հող է` աւելցնելով, որ իրաքցիները Մուսուլը ազատագրելու համար արիւն կը թափեն եւ կենաց մահու կռիւ կը մղեն ՏԱՀԵՇ-ին դէմ: «Այս մտայնութեամբ եւ նոյն ախորժակներով նաեւ Հալէպի դէմ պատերազմ կը մղուի, որպէսզի աւելի ուշ Թուրքիա յայտարարէ, որ Հալէպը եւս իր հողերուն մաս կը կազմէ եւ ոչ թէ Սուրիոյ եւ սուրիացիներուն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այս մօտեցումը խստիւ մերժելի է եւ հաստատելով, որ Հալէպի ճակատագիրը ռազմավարական եւ վճռորոշ դերակատարութիւնը պիտի ունենայ ամբողջ շրջանին համար:

Անդրադառնալով ՏԱՀԵՇ-ի գոյութեան` սէյիտ Նասրալլա դիտել տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն բացայայտած է, որ Սէուտական Արաբիան է ՏԱՀԵՇ-ը հովանաւորողն ու զայն ֆինանսաւորողը` հարց տալով միջազգային ընտանիքին, որ արդեօք կը մտածէ՞ դատավարութեան ենթարկել Սէուտական Արաբիան:

Նախորդը

Պըրրի. «Խորհրդարանին Օրինաթիւը Չգոյացնելու Իմաստով Աշխատանք Չեմ Տարած Եւ Պիտի Չտանիմ»

Յաջորդը

Պաքուի Մէջ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներ-Ալիեւ Հանդիպում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.