Լիբանանեան

Թալալ Արսլան Թայմուր Ժոմպլաթի Հետ Քննարկեց Տիւրզի Համայնքին Վերաբերող Հարցեր

Թալալ Արսլան Թայմուր Ժոմպլաթի Հետ Քննարկեց Տիւրզի Համայնքին Վերաբերող Հարցեր

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Թայմուր Ժոմպլաթի հետ, որուն հետ քննարկեց տիւրզի համայնքին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Արսլան յայտնեց, որ տիւրզի համայնքին իրավիճակը բացառիկ է այն աստիճան, որ անիկա նախանձելի է այլոց կողմէ: Ան շեշտեց, որ տիւրզի ընտանիքներուն միջեւ յարաբերութիւնները հեզասահ են` աւելցնելով, որ 2008 մայիսէն սկսեալ իր եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի...

Արայժի. «Քաղաքական Մեր Կեցուածքը Պիտի Յայտարարենք 31 Հոկտեմբերէն Ետք»

Արայժի. «Քաղաքական Մեր Կեցուածքը Պիտի Յայտարարենք 31 Հոկտեմբերէն Ետք»

Մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան զօրակցութիւնը անձնական առումով ոչ մէկ հետեւանք ունի` աւելցնելով, որ քաղաքական առումով անոնք պիտի սպասեն մինչեւ 31 հոկտեմբեր` յայտարարելու համար իրենց քաղաքական կեցուածքը: Արայժի շեշտեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը տակաւին առկայ է` աւելցնելով,...

Թլայս. «Ցամաքային Փոխադրութեան Մարզը Յառաջիկայ Հինգշաբթի Օր Ընդհանուր Գործադուլ Պիտի Կատարէ»

Թլայս. «Ցամաքային Փոխադրութեան Մարզը Յառաջիկայ Հինգշաբթի Օր Ընդհանուր Գործադուլ Պիտի Կատարէ»

Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս յայտնեց, որ Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Հանրութեան փոխադրութեան յատուկ ինքնաշարժներու վարորդներու համադաշնակցութիւնը հինգշաբթի, 27 հոկտեմբեր 2016-ին, ամբողջ Լիբանանի տարածքին պիտի կատարեն ընդհանուր գործադուլ մը: Թլայս նշեց, որ զոյգ համադաշնակցութիւնները ինքնաշարժներու մեքանիզմի ստուգման կեդրոնները փակ պիտի պահեն մինչեւ երեքշաբթի, 25 հոկտեմբեր: «Իսկ եթէ կառավարութիւնը չանսայ ինքնաշարժներու մեքանիզմի ստուգման կեդրոններուն նուազուրդը ջնջելու մեր պահանջին, հինգշաբթի օր ընդհանուր...

Հըզպալլայի Եւ Ամալի Ղեկավարութիւններուն Միջեւ Գործակցութեան Նիստ

Հըզպալլայի Եւ Ամալի Ղեկավարութիւններուն Միջեւ Գործակցութեան Նիստ

Ժապալ Ամելի եւ Աուալի շրջաններու Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի ղեկավարութիւններուն միջեւ երէկ տեղի ունեցաւ գործակցութեան նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք երկու ղեկավարութիւնները հաստատեցին Դիմադրութեան կառչած մնալու իրենց ուղեգիծը` ընդգծելով երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը` Լիբանանի եւ ազգային միասնականութեան ամրապնդման ի խնդիր:

Հարիրի Պաշտօնապէս Զօրակցութիւն Յայտնեց Զօր. Աունի Թեկնածութեան. Զօր. Աուն. «Համաձայնեցանք Միասնաբար Վերջ Տալ Լիբանանի Դիմագրաւած Տագնապին»

Հարիրի Պաշտօնապէս Զօրակցութիւն Յայտնեց Զօր. Աունի Թեկնածութեան. Զօր. Աուն. «Համաձայնեցանք Միասնաբար Վերջ Տալ Լիբանանի Դիմագրաւած Տագնապին»

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրուելուն համեմատութիւնը երէկ բարձրացաւ, երբ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պաշտօնապէս զօրակցութիւն յայտնեց անոր թեկնածութեան: Նախագահական ընտրութեան սառած իրավիճակէն երկիրը դուրս բերելու առումով, Հարիրիի քայլը ոմանց մեկնաբանութեամբ ողջունելի էր եւ ուրիշներու մեկնաբանութեամբ` երկիրը դէպի յաւելեալ վտանգներու ենթարկելու...

Կառավարութիւնը Գումարեց Արդիւնաւէտ Նիստ Մը` Վաւերացնելով 160 Կէտեր

Կառավարութիւնը Գումարեց Արդիւնաւէտ Նիստ Մը` Վաւերացնելով 160 Կէտեր

Երէկ առաւօտեան կառավարութիւնը գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի: Նիստէն բացակայեցաւ տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ` ճամբորդութեան պատճառով: Վարչապետարանին մէջ գումարուած նիստին ընթացքին նախարարաց խորհուրդը քննարկեց 178 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Սալամ դարձեալ ընդգծած է նախագահական ընտրութիւն կատարելու իր պահանջը` մաղթելով, որ հանրապետութեան յաջորդ նախագահը յանձնառու մնայ...

Հըզպալլա Եւ Մուսթաքպալ Կ՛ընդգծեն Քաղաքական Ուժերուն Միջեւ Խորհրդակցութիւնները Շարունակելու Կարեւորութիւնը

Հըզպալլա Եւ Մուսթաքպալ Կ՛ընդգծեն Քաղաքական Ուժերուն Միջեւ Խորհրդակցութիւնները Շարունակելու Կարեւորութիւնը

Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ նախանցեալ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ գումարուեցաւ երկխօսութեան 35-րդ նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական հաժ Հիւսէյն Խալիլ, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Նատեր Հարիրի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարար...

«Լիբանանի Համար Աուն Պատմական Առիթ Է, Եւ Անոր Զօրակցելու Մեր Սկզբունքէն Անշեղ Կը Մնանք»  Շեշտեց Ֆայսալ Քարամէ

«Լիբանանի Համար Աուն Պատմական Առիթ Է, Եւ Անոր Զօրակցելու Մեր Սկզբունքէն Անշեղ Կը Մնանք» Շեշտեց Ֆայսալ Քարամէ

Նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ երէկ Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին կուսակցութեան փոխնախագահ Նիքոլա Սահնաուի եւ երեսփոխաններ Զիատ Ասուատ, Նաժի Ղարիոս եւ Սիմոն Ապի Ռամիա: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցերը: Հանդիպումէն ետք Ապի Ռամիա յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը գործակցութեան ձեռք կ՛երկարէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն,...

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերը Ձերբակալած Են Ահաբեկչական Վտանգաւոր Ցանցի Մը Անդամները

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերը Ձերբակալած Են Ահաբեկչական Վտանգաւոր Ցանցի Մը Անդամները

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իր ուժերը վնասազերծած են 8 սուրիացի հաշուող ահաբեկչական վտանգաւոր ցանց մը: Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ հարցաքննութեան ընթացքին ցանցին անդամները բացայայտած են, թէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը անոնց վստահած է յարկաբաժին մը վարձելու եւ ահաբեկչական գործողութեան հեղինակներու ապաստան տրամադրելու, ականուած գօտիներ հայթայթելու եւ ահաբեկչական գործողութեան ճշդուած թիրախներուն ծանօթացնելու պարտականութիւնը: Ըստ...

Խորհրդարանը Վաւերացուց  Շարք Մը Օրինագիծեր`  Առանց Անդրադառնալու Ընտրական  Օրէնքին Վերաբերող Օրինագիծերուն

Խորհրդարանը Վաւերացուց Շարք Մը Օրինագիծեր` Առանց Անդրադառնալու Ընտրական Օրէնքին Վերաբերող Օրինագիծերուն

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին, որուն ընթացքին վաւերացուեցան մեծ թիւով օրինագիծեր, որոնց մեծ մասը` տնտեսական եւ  դրամական բնոյթի: Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխանները պոյքոթի ենթարկեցին խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին իրենց մասնակցութիւնը` հիմնուելով այն համոզումին վրայ, որ ըստ սահմանադրութեան, հանրապետութեան նախագահի չգոյութեան անկարելի է օրէնսդրական նիստ գումարել: Հակառակ անոր որ օրէնսդրական նիստը կրկնակ աճապարանօք օրինագիծերու վաւերացման նպատակով կայացաւ, սակայն անիկա...

Պոնաֆոն Այցելեց Վարչապետ Սալամի,  Մահմուտ Պըրրիի Եւ Ժոմպլաթի

Պոնաֆոն Այցելեց Վարչապետ Սալամի, Մահմուտ Պըրրիի Եւ Ժոմպլաթի

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի գրասենեակներու նախագահ Ժերոմ Պոնաֆոն, ընկերակցութեամբ` Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնի, երէկ այցելեց վարչապետարան: Վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ հանդիպումին ընթացքին ֆրանսացի դիւանագէտը քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցերը: Ֆրանսական պատուիրակութիւնը խորհրդարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եղբօր` Մահմուտ Պըրրիի եւ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի հետ:...

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Կը Դրուատէ Մուսուլը Ազատագրելու  Գործողութիւնը Եւ Կը Դատապարտէ  Սինայի Դէմ Յարձակումը

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դրուատէ Մուսուլը Ազատագրելու Գործողութիւնը Եւ Կը Դատապարտէ Սինայի Դէմ Յարձակումը

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դրուատեց Իրաքի կառավարութեան կողմէ Մուսուլը եւ Նինուէն ազատագրելու զինուորական գործողութեան նախաձեռնութիւնը, որ սկսած էր գործադրուիլ երկուշաբթի, 17 հոկտեմբեր 2016-ին: Նախարարութիւնը ողջունեց ՏԱՀԵՇ-ի դէմ իրաքեան ուժերուն արձանագրած յաջողութիւնները` նկատի ունենալով, որ 48 ժամուան ընթացքին կարելի եղած էր տասնեակ մը գիւղեր ազատագրել հաւատադրժողական ահաբեկչութեան լուծէն: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ գաղթական իրաքցիներ դէպի ազատագրուած...

Սամուէլ Մկրտչեան Ապու Սաապի Հետ  Քննարկեց Կրթական Մարզին Մէջ  Համագործակցութիւնը  Աշխուժացնելու Քայլերը

Սամուէլ Մկրտչեան Ապու Սաապի Հետ Քննարկեց Կրթական Մարզին Մէջ Համագործակցութիւնը Աշխուժացնելու Քայլերը

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան 18 հոկտեմբերին այցելեց Լիբանանի կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապի, հաղորդեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութիւնը: Կողմերը քննարկեցին կրթութեան մարզին մէջ համագործակցութեան աշխուժացման վերաբերող քայլերը` շեշտը դնելով ստորագրուած համաձայնագիրներու գործադրութեան առնչութեամբ գործնական քայլերու դիմելու անհրաժեշտութեան վրայ: Այդ պարունակին մէջ կողմերը համաձայնեցան պարբերական հանդիպումներ եւ  նպատակային քննարկումներ...

Հարիրի Զասիփքինէն Կ՛իմանայ  Իր Նախաձեռնութեան Նկատմամբ  Մոսկուայի Զօրակցութեան Մասին

Հարիրի Զասիփքինէն Կ՛իմանայ Իր Նախաձեռնութեան Նկատմամբ Մոսկուայի Զօրակցութեան Մասին

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, ներկայութեամբ` նախկին երեսփոխան Ղաթթաս Խուրիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին, որ մաղթեց, թէ լիբանանեան քաղաքական հիմնական ուժերուն միջեւ համաձայնութիւն մը գոյանայ նախագահական ընտրութեան առումով: Զասիփքին յայտնեց, որ...

Զօր. Սլէյման Կոչ Ուղղեց Յաւելեալ  Բարդութիւններ Չստեղծելու

Զօր. Սլէյման Կոչ Ուղղեց Յաւելեալ Բարդութիւններ Չստեղծելու

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Եարզէի իր բնակարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի, գաղթականներու հարցերու նախարար Ալիս Շապթինիի, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուիի եւ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպասի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան հոլովոյթին վերաբերող զարգացումները: Զօր. Սլէյման անհրաժեշտ նկատեց երկրին սահմանադրութեան գործադրութիւնը եւ կոչ ուղղեց...

Քաա Եւ Հերմել Այցելութիւն.   «Լիբանան Կը Դիմագրաւէ Լուրջ Տագնապ Մը,  Եւ Կը Մաղթենք, Որ Բոլորը Օժանդակեն Անոր»  Շեշտեց Քաակ

Քաա Եւ Հերմել Այցելութիւն. «Լիբանան Կը Դիմագրաւէ Լուրջ Տագնապ Մը, Եւ Կը Մաղթենք, Որ Բոլորը Օժանդակեն Անոր» Շեշտեց Քաակ

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ երէկ այցելեց Քաա եւ Հերմել, ուր ստուգեց սուրիացի գաղթականներուն իրավիճակը, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ պատասխանատուներու հետ: Քաակ մերժեց սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ինքնուրոյն պաշտպանութիւն ունենալու իրականութիւնը` հաստատելով երկրին սահմանները պաշտպանելու լիբանանեան բանակին դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը: Միւս կողմէ, Քաակ շեշտեց, որ Քաա եւ Հերմել բարգաւաճման եւ տնտեսական ու ընկերային օժանդակութեան խիստ կարիքը ունին: Ան...

Մաշնուք. «Նախագահական Ընտրութիւնը  Պիտի Կատարուի Նոր Տարիէն Առաջ»

Մաշնուք. «Նախագահական Ընտրութիւնը Պիտի Կատարուի Նոր Տարիէն Առաջ»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետարաններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ այցելեց ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին պատասխանատու հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի դամբարանը` անոր նահատակութեան Դ. տարելիցին առիթով: Ան շեշտեց, որ բոլոր նահատակներուն թափած արիւնը յումպէտս պիտի չհոսի, որովհետեւ անոնք նահատակուեցան հաւատալով իրենց հայրենիքին եւ պետութեան գոյատեւման: Իր յայտարարութիւններուն մէջ Մաշնուք շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը պիտի կատարուի Նոր տարիէն առաջ` շեշտելով,...

Ապպաս Իպրահիմ Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց  Գործակցութեան Հեռանկարները

Ապպաս Իպրահիմ Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց Գործակցութեան Հեռանկարները

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ամերիկեան դեսպանատան եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները:

Պոլսոյ Մէջ.  Ռիֆի Իր Թուրք Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց  Դատական Մարզի Համագործակցութեան Հեռանկարները

Պոլսոյ Մէջ. Ռիֆի Իր Թուրք Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Դատական Մարզի Համագործակցութեան Հեռանկարները

Արդարութեան հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ նախագահեց Պոլսոյ մէջ միջազգային օրէնքի յատուկ խորհրդաժողովին մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութեան, որուն մաս կազմեցին դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ դատաւոր Ժան Ֆահըտ, ընդհանուր Դատախազ Սամիր Համմուտ եւ ուրիշներ: Խորհրդաժողովին շրջագիծէն դուրս Ռիֆի եւ լիբանանեան պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցան Թուրքիոյ արդարութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան դատական մարզի համագործակցութեան հեռանկարները` համաձայնութիւն գոյացնելով լիբանանեան-թրքական գործակցութիւնը...

Տնտեսական Գահավիժումի Եւ Ապահովական  Մտավախութիւններու Լոյսին Տակ.  Կոչեր` Կառավարութեան Կազմութեան  Հրամայական Պահանջին Գծով

«Սուրիոյ Տագնապին Լուծումը Մօտալուտ Չէ, Իսկ Մենք Պիտի Շարունակենք Նեցուկ Կանգնիլ Դամասկոսին» Շեշտեց Նայիմ Քասեմ

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը մօտալուտ չէ` աւելցնելով, որ որքան մեծ ըլլան զոհողութիւնները, իրենց Դիմադրութիւնը աւելի եւս պիտի ամրապնդուի եւ տոկայ դժուարութիւններուն: Ան հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը իր նահատակները թիւով չի հաշուեր, այլ` նուաճումներով: Շէյխ Քասեմ ընդգծեց, որ իւրաքանչիւր նահատակի պարագայ զիրենք կը համակէ նոր տրամադրութիւն, նոր մթնոլորտ եւ նոր յաղթանակ արձանագրելու զգացումով:

Page 790 of 986 1 … 789 790 791 … 986

Արխիւներ