
Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Հիւսէյնի յայտնեց, որ Հըսին այցելութիւնը պարտականութիւն է, յատկապէս երբ երկիրը դժուար եւ բարդ պայմաններ կը դիմագրաւէ, ինչպէս է պարագան այս օրերուն:
«Կարեւորը կը մնայ այն, որ լիբանանեան պետական հաստատութիւնները վերսկսին գործել, եւ պահպանուի երկրին ժողովրդավարութիւնը, որովհետեւ ժողովուրդն է իշխանութիւններուն աղբիւրը: Լիբանան կարիքը ունի որակական փոփոխութեան մը, որուն շնորհիւ կարելի ըլլայ երկրին սահմանադրական կեանքը վերադարձնել», ըսաւ Հիւսէյնի:


