Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ կառավարութիւնը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի հինգշաբթի, 27 հոկտեմբեր 2016-ին` քննարկելու համար 83 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ վարչապետարանին մէջ ընդունեց երեսփոխան Պահիա Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող զարգացումները:
Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Վարչապետ Սալամի այցելուներէն եղաւ նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ: Քննարկուեցան ելեւմտական մարզին վերաբերող հարցեր: