
Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիանը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն պաշտպանութեան նախարարութիւններուն յարաբերութիւնները:
Քիճիան յայտնեց, որ Չինաստան պատրաստակամ է զինուորապէս օժանդակելու Լիբանանին` երկու երկիրներուն միջեւ պաշտպանութեան մարզերու գործակցութիւնը ամրապնդելու առումով:
Քիճիան Մուքպելին յայտնեց նաեւ, որ Չինաստան պատրաստ է լիբանանեան բանակին տրամադրելու այնպիսի զէնքեր, որոնք կը նպաստեն ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարին: Ան նշեց նաեւ, որ Չինաստան կը փափաքի մաս կազմել Լիբանանի մէջ ծառայող ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն:
Քիճիան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ բանակին, որոնք Պէյրութի մէջ չինական դեսպանատունը կը պաշտպանեն:


