ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի միջեւ դաշինքը շատ աւելի հզօր է, քան որեւէ զարգացում, հետեւաբար այդ դաշինքը ոչ մէկ ձեւով կարելի է ցնցել:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ յայտնեց, որ բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, որ 31 հոկտեմբերի նախագահական նիստին ընթացքին համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հանրապետութեան նախագահ պիտի ընտրուի:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի յայտնեց, որ ազատութեան հաւատացող աշխարհին պարտականութիւնն է միասնականութիւն գոյացնել` պայքարելու համար ահաբեկչութեան դէմ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ուալիտ Խուրի յայտնեց, որ «Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա մեզի հետ իր յարաբերութեան մէջ սկիզբէն ի վեր յստակ եւ անկեղծ եղած է»` աւելցնելով, որ նախանցեալ օրուան իր ճառով սէյիտ Նասրալլա բոլորին մտավախութիւններուն վերջ տուաւ:
«ՊԻՆԱ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Ռապիէի աղբիւրներէն, յայտնեց, որ Ղովմի կուսակցութիւնը Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին դէմ չի գործեր:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երկխօսութեան դռները չէ փակած` աւելցնելով, որ Պըրրի իր ազգային դերակատարութեամբ ծանօթ է բոլորին:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա շեշտեց, որ համախմբումի նախագահ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը մերժող բոլոր պլոքներուն հետ պիտի խորհրդակցին` չէզոքացնելու համար արգելքները:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Խալետ Տահեր յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը Մարտ 14-ի խմբաւորումէն դուրս բերելու պատասխանատուութիւնը այդ ուժերուն ղեկավարներուն վրայ կ՛իյնայ: Ան Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխաններէն պահանջեց յանձնառու մնալ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի որոշումին:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ իր կեցուածքը ճշդած է եւ ան 31 հոկտեմբերի նիստին պիտի քուէարկէ ի նպաստ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւն կայացնելու իմաստով ոչ մէկ խոչընդոտ կայ, այնքան ատեն որ Հըզպալլա անկեղծ է նախագահական ընտրութեան նիստին մասնակցելու առումով: