1989-1990-ի Յիշողութեան Ազդեցութեան Տակ Ժողովուրդը Ուղղուեցաւ Իր Տունը
Ընդառաջելով նախագահական պալատի հրաւէրին` երէկ լիբանանցիներու ծովածաւալ բազմութիւն մը ուղղուեցաւ Պաապտա, շնորհաւորելու համար հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը: Նախագահական պալատին մուտքին ժողովուրդը դիմաւորուեցաւ «Ժողովուրդին տուն»-ը պաստառով, եւ լիբանանեան դրօշակներով, ազգային երգերով եւ զօր. Աունի նուիրուած յատուկ կանչերով ողջունեց հանրապետութեան նախագահը: Առաւօտեան կանուխ ժամերէն դէպի նախագահական պալատ քալած լիբանանցիները իրենց քայլարշաւին ընթացքին կը վերյիշէին իրենց անցեալը, 1989-ի եւ 1990-ի յիշողութեամբ անոնք...




















