Ընթացաւարտ շրջանի վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Մսայթպէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Մուսթաքպալի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրիի, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախորդ շաբթուան ընթացքին արձանագրուած քաղաքական զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ Սալամի համար ամէնէն կարեւորը Լիբանանի շահն է, ինչպէս նաեւ երկրին ազատութիւնը, անկախութիւնը, գերիշխանութիւնը եւ արժանապատուութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
Հարիրի բարձր գնահատեց երկիրը պաշտպանելու Սալամի ճիգերը` ամբողջ երկուքուկէս տարուան թափուր դրութեան ընթացքին, յատկապէս նկատի ունենալով շրջանային պայմանները Սուրիոյ, Իրաքի, Եմէնի եւ Լիպիոյ մէջ:
«Լիբանանի պատմութեան մէջ պիտի արձանագրուի, որ այս հանգրուանին տիրած ապահովական կայունութիւնը Սալամի շնորհիւ է», յայտնեց Հարիրի:
Ան Մուսթաքպալ հոսանքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Սալամին` հաստատելով, որ իրենք մնայուն կերպով կը զօրակցին անոր:
Իր կարգին, Սալամ ողջունեց Լիբանանի իշխանութեան նոր փուլը` ընդգծելով, որ զիրենք միացնողը Լիբանանի գերագոյն շահն է:
Ան բարիք մաղթեց Լիբանանին եւ յաջողութիւն` հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին: