Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սաատ Հարիրի Այսօր Կը Սկսի Կառավարութեան Կազմութեան Խորհրդակցութիւններուն

Նոյեմբեր 4, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

saad_hariri_pc_110316

Վարչապետ Սաատ Հարիրի այսօր եւ վաղը խորհրդարանին մէջ պիտի կատարէ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններ, որոնց ընթացքին ան հանդիպումներ պիտի ունենայ երեսփոխանական բոլոր պլոքներուն հետ` քննարկելու համար իշխանութեան մաս կազմելու իմաստով անոնց պահանջները:

Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրին պաշտօնապէս վարչապետ նշանակուելէ ետք այցելեց իր հօր` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանը եւ անոր յիշատակին կատարած աղօթքէն ետք իսկոյն կատարեց նախկին վարչապետներուն տրուող աւանդական այցելութիւնները:

Հարիրի այցելեց նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի, որուն հետ հանդիպելէ ետք յայտնեց, թէ Հըս զօրակից է լիբանանեան համախոհութեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հըսի` անոր խորհուրդներուն համար` աւելցնելով, որ ինք կ՛ուղղուի դէպի ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւն:

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ընդունեց նոր նշանակուած վարչապետը եւ շնորհաւորեց զայն:

Հանդիպումէն ետք Հարիրի նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագ պիտի ըլլայ` աւելցնելով, որ ինք լաւատես է, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նստաշրջանին ընթացքին պիտի արձանագրուին բազմաթիւ նուաճումներ:

Հարիրի յայտնեց, որ Միքաթիի հետ գործակցութիւնը պիտի շարունակուի:

Իր կարգին, Միքաթի շեշտեց, որ Հարիրիի ստանձնած պարտականութիւնը դժուար է, որովհետեւ պատասխանատուութիւնը մեծ է, եւ Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները բաւական հսկայ են:

Ան յայտնեց, որ ինք մնայուն կերպով պիտի զօրակցի վարչապետ Հարիրիին:

Հարիրի այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի:

Հանդիպումէն ետք Սինիորա յայտնեց, որ Հարիրի այս հանգրուանին երկիրը կառավարելու ատակ անձնաւորութիւնն է, որովհետեւ երկիրը կը դիմագրաւէ բազմաթիւ հարցեր, որոնց լուծումը կարիքը ունի թիկունքի, «իսկ վարչապետ Հարիրի ունի լայն թիկունք եւ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու կամք ու կորով», ըսաւ ան:

Սինիորա հաստատեց, որ անհրաժեշտ է մնայուն կերպով զօրակցիլ ե՛ւ հանրապետութեան նախագահին, ե՛ւ վարչապետին:

Ան յաջողութիւն մաղթեց Հարիրիին:

Մսայթպէի մէջ Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ:

Սալամ յայտնեց, որ Հարիրիի վարչապետ նշանակումով էջ մը փակուած է եւ ուրիշ մը բացուած: Ան նշեց, որ Լիբանանը կարիքը ունի երիտասարդ եւ արթուն ղեկավարութեան մը, ինչպէս պիտի ըլլայ Հարիրիի կառավարութիւնը:

salam_hariri_110316Սալամ հաստատեց, որ վերջին շրջանին Հարիրիի կողմէ առնուած քայլերը փաստեցին, որ Լիբանան տակաւին պետական անձնաւորութիւններ ունի` մաղթելով, որ Սաատ Հարիրի իր հօր` Ռաֆիք Հարիրիի հաստատ քայլերով յառաջանայ իր ստանձնած պարտականութեան մէջ:

Իր կարգին, Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց Սալամին անոր իմաստուն կեցուածքներուն, համբերութեան եւ բոլորին նկատմամբ որդեգրած վերաբերումին համար:

Երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ Հարիրի ընդունեց պէյրութցի ընտանիքներ եւ բարեկամներ, որոնք շնորհաւորեցին վարչապետը` անոր փոխանցելով յաջող իշխանութիւն մը ունենալու իրենց բարեմաղթութիւնները:

Իր բնակարանին մէջ գտնուող լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին վարչապետ Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ նախագահ Աունի իշխանութեան նստաշրջանը լիբանանցիներուն համար բարիքի փուլ մը պիտի ըլլայ: Ան յոյս յայտնեց, որ քաղաքական բոլոր ուժերը գործակցութիւն ցուցաբերեն` երկրին գերագոյն շահերը ապահովելու ի խնդիր:

Հարիրի հաստատեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի առաւելագոյն չափով գործակցութիւն կը ցուցաբերէ` աւելցնելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքը զոհողութիւններու մարմնացում մըն է:

Ան կոչ ուղղեց բոլորին այս նոր փուլին ընթացքին գործակցելու առիթ տալու` հաստատելով, որ գժտութիւնն ու երկփեղկումը վնաս հասցուցած են երկրին:

«Մենք բոլորին հետ պիտի խօսինք եւ երկիրը կրցանք փրկել` գործակցելով քաղաքական բոլոր ղեկավարութիւններուն հետ, նոյնիսկ անոնց, որոնց հետ արմատական տարակարծութիւններ ունինք, որոնցմէ հիմնականը` Հըզպալլան», ընդգծեց նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի:

Նշենք, որ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն սկսեալ Մուսթաքպալ հոսանքի համակիրներն ու հետեւորդները ժողովրդային տօնախմբութիւններ կատարեցին Թարիք Ժտիտէի, Սայտայի, Թաանայէլի, Ժըպ Ժըննինի, Քանթարիի, Մընիէի, Արքուպի, Թրիփոլիի, Աքքարի եւ այլ շրջաններու մէջ` ուրախութիւն յայտնելով իրենց ղեկավարին` Սաատ Հարիրիի վարչապետ նշանակուելուն առիթով:

Տօնակատարութիւններու ընթացքին բոլոր շրջաններուն մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի դրօշակներ ծածանեցան, շուրջպարեր բռնուեցան, անցորդներուն անուշեղէն բաշխուեցաւ, ինչպէս նաեւ հրավառութիւն կատարուեցաւ:

Տարբեր շրջաններուն մէջ գտնուող Մուսթաքպալի երեսփոխանները եւ պատասխանատուները հաստատեցին հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան եւ վարչապետի նշանակումին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան ու համակեցութեան պահպանումին ու ամրապնդումին կարեւորութիւնը:

Տեղական մակարդակի վրայ կատարուած շնորհաւորութիւններուն կողքին արձանագրուեցաւ նաեւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսընի շնորհաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ յայտարարութիւնը, թէ Բրիտանիա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի զօրակցութեան:

Կառավարութեան Կազմութեան
Երեսփոխանական Խորհրդակցութիւններու
Ժամանակացոյց

Խորհրդարանը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ նշանակուած վարչապետը այսօր` ուրբաթ, 4 եւ վաղը` շաբաթ, 5 նոյեմբերին, խորհրդարանին մէջ պիտի կատարէ կառավարութեան կազմութեան երեսփոխանական խորհրդակցութիւններ:

Խորհրդարանին մէջ տեղի ունենալիք երեսփոխանական խորհրդակցութիւնները պիտի ընթանան հետեւեալ ժամանակացոյցին հիմամբ.

Ա.- Ուրբաթ, 4 Նոյեմբեր 2016

– Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի` կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին:
– Նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ` կէսօրէ ետք ժամը 1:15-ին:
– Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի`կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին:
– Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա` կէսօրէ ետք ժամը 1:45-ին:
– Խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի` կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին:
– Բարգաւաճում եւ ազատագրում երեսփոխանական պլոք` կէսօրէ ետք ժամը 2:15-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Նեպիհ Պըրրի, Անուար Խալիլ, Այուպ Հըմայէտ, Ապտել Լաթիֆ Զէյն, Ապտել Մեժիտ Սալեհ, Ալի Պեզզի, Ալի Հասան Խալիլ, Ալի Խրէյս, Ալի Օսէյրան, Ղազի Զաայթեր, Միշել Մուսա, Հանի Քպեյսի եւ Եասին Ժապեր:

– Ազգային ազատ հոսանքի երեսփոխանական պլոք` կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաան, Էտկար Մաալուֆ, Ալեն Աուն, Ժիլպերթ Զուէյն, Հիքմաթ Տիպ, Զիատ Ասուատ, Սելիմ Սալհապ, Սիմոն Ապի Ռամիա, Իսամ Սաուայա, Ղասսան Մուխայպեր, Ֆարիտ Էլիաս Խազեն, Ամալ Ապու Զէյտ, Նեպիլ Նիքոլա, Նաամթալլա Ապի Նասըր, Ուալիտ Խուրի, Եուսեֆ Խալիլ, Ապպաս Հաշեմ, Նաժի Ղարիոս եւ Ֆատի Աուար:

– Լիբանանեան ուժերու երեսփոխանական պլոք` կէսօրէ ետք ժամը 4:45-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Ժորժ Ատուան, Էլի Քէյրուզ, Անթուան Զահրա, Սթրիտա Թոք, Ֆատի Քարամ, Շանթ Չինչինեան, Ժոզեֆ Մաալուֆ եւ Թոնի Ապու Խաթեր:

– Երեսփոխան Միշել Մըրի պլոք` երեկոյեան ժամը 5:00-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Միշել Մըր եւ Նէյլա Թուէյնի:

– Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոք` երեկոյեան ժամը 5:15-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Սամեր Սաատէ, Սամի Ժեմայէլ, Ֆատի Հապըր, Նետիմ Ժեմայէլ եւ Էլի Մարունի:

– Լեռնալիբանանի միասնականութիւն երեսփոխանական պլոք` երեկոյեան ժամը 5:30-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Թալալ Արսլան եւ Պիլալ Ֆարհաթ:

– Ազատ եւ միացեալ Լիբանան երեսփոխանական պլոք` երեկոյեան ժամը 5:45-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Սլէյման Ֆրենժիէ, Ըսթֆեն Տուէյհի եւ Սելիմ Քարամ:

– Զօրակցութիւն երեսփոխանական պլոք` երեկոյեան ժամը 6:00-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Նեժիպ Միքաթի եւ Ահմետ Քարամէ:

– Պաաս կուսակցութեան երեսփոխանական պլոք` երեկոյեան ժամը 6:15-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Ասեմ Քանսօ եւ Քասեմ Հաշեմ:

Բ.- Շաբաթ, 5 Նոյեմբեր 2016

– Ղովմի կուսակցութեան երեսփոխանական պլոք` կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Ասաատ Հարտան եւ Մարուան Ֆարես:

– Ազգային պայքարի ճակատի եւ ժողովրդավարական հանդիպումի երեսփոխանական պլոք` կէսօրէ առաջ ժամը 11:15-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Ուալիտ Ժոմպլաթ, Աքրամ Շեհայէպ, Էլի Աուն, Ալաէտտին Թըրրօ, Ղազի Արիտի, Նաամէ Թոհմէ, Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ Հանրի Հըլու:

– Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոք` կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Մոհամետ Ռաատ, Հասան Ֆատլալլա, Հիւսէյն Հաժ Հասան, Հիւսէյն Մուսաուի, Ալի Ամմար, Ալի Ֆայեատ, Քամել Ռիֆայի, Մոհամետ Ֆընէյշ, Նաուար Սահիլի, Նաուաֆ Մուսաուի եւ Ուալիտ Սըքքարիէ:

– Հայկական երեսփոխանական պլոք` կէսօրէ առաջ ժամը 11:45-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունի եւ Արթիւր Նազարեան:

– Ժամաա Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ` կէսօրուան ժամը 12:00-ին:

– Անկախ երեսփոխաններ. Ռոպեր Ղանեմ` ժամը 12:10-ին:
Միշել Ֆարաոն` ժամը 12:20-ին:
Պութրոս Հարպ` ժամը 12:30-ին
Տորի Շամուն` ժամը 12:40-ին:
Մոհամետ Սաֆատի` ժամը 12:50-ին:
Նիքոլա Ֆաթթուշ` ժամը 1:00-ին:
Ահմետ Ֆաթֆաթ` ժամը 1:10-ին
Էմիլ Ռահմէ` ժամը 1:20-ին:
Սերժ Թուրսարգիսեան` ժամը 1:30-ին:

– Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխանական պլոք` կէսօրէ ետք ժամը 1:40-ին:
Պլոքին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Սաատէտտին Հարիրի, Ֆուատ Սինիորա, Պասեմ Շապ, Պատըր Ուաննուս, Պահիա Հարիրի, Ժամալ Ժարրահ, Ամին Ուեհպէ, Խալետ Զահրաման, Խալետ Տահեր, Ռիատ Ռահհալ, Զիատ Քատիրի, Սամիր Ժսըր, Աթեֆ Մաժտալանի, Ամմար Հուրի, Նուհատ Մաշնուք, Հատի Հպէյշ, Ֆարիտ Մքարի, Մոհամետ Քապպանի, Մույին Մերեհպի, Նեպիլ տը Ֆրէյժ, Նիտալ Թոհմէ, Նիքոլա Ղոսըն, Ղազի Եուսեֆ, Քազեմ Խէյր, Խտըր Հապիպ, Մոհամետ Հաժժար, Օքապ Սաքըր, Ասեմ Արաժի, Մոհամետ Քապպարա, Քասեմ Ապտել Ազիզ, Միշել Ֆարաոն, Ժան Օղասապեան եւ Սեպուհ Գալփաքեան:

 

Նախորդը

Սաատ Հարիրի Նշանակուեցաւ Վարչապետ

Յաջորդը

Խմբագրական. Երրորդ Փորձաքարը

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?