Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նախագահական Երդման Ճառը Պիտի Գործադրուի, Եւ Լիբանանցիները Պիտի Համախմբուին Ներազգային Ու Ապա Արտաքին Քաղաքականութիւններու Շուրջ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

November 5, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

aoun_kaag_110416

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի օժանդակող երկիրներու դեսպաններուն, որոնց շարքին էին` Ռուսիոյ դեսպան Ալքեսանտր Զասիփքին, Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութ, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ, Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր, Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթի, Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոն եւ Չինաստանի դեսպան Ուանի Քի Ճիան:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ընթացաւարտ կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ:

Հանդիպումին ընթացքին դեսպանները նախագահ Աունին փոխանցեցին իրենց երկիրներուն շնորհաւորութիւնները` շեշտելով, որ զօր. Աունի ընտրութեամբ Լիբանան դուրս եկած է իր դիմագրաւած տագնապէն:

Անոնք շեշտեցին, որ իրենք յանձնառու կը մնան Լիբանանի օժանդակութեան, որպէսզի ան կարենայ դիմագրաւել իր դէմ ծառացող մարտահրաւէրները եւ ամրապնդեն ապահովական իր կայունութիւնը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ լիբանանցի ժողովուրդը իր բոլոր շերտերով համաձայն գտնուած է իր արտասանած երդման ճառին, աւելցնելով, որ ինք անշեղ պիտի մնայ այդ ճառին` բովանդակութենէն եւ իր իշխանութեան ընթացքին պիտի ջանայ գործադրել զայն:

Ան նշեց նաեւ, որ լիբանանցիները ներազգային քաղաքականութեան մը շուրջ համախմբելուն պիտի յաջորդէ զանոնք արտաքին քաղաքականութեան մը շուրջ համախմբելու աշխատանքը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ օրէնքի գործադրութիւնը միակ չափանիշն է, որուն ընդմէջէն պետութիւնը կրնայ գործել ապահովական թէ վարչական առումով, որպէսզի վերջ տրուի անցեալին հաստատութիւններուն մէջ արձանագրուած թուլութիւններուն:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ յաջորդ փուլին առաջնահերթութիւններէն կը նկատուի ընտրական նոր օրէնքի մշակումը, որպէսզի կարելի ըլլայ յառաջիկայ մայիսին երեսփոխանական ընտրութիւններ կայացնել:

«Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի նոր փուլ մը, որուն ընթացքին պիտի ամրապնդուի երկրին քաղաքական կայունութիւնը, եւ ազգային գործակցութեան ընդմէջէն պիտի յարգուին սահմանադրութիւնը, Ազգային ուխտն ու օրէնքները, որոնք կը կազմեն լիբանանեան վարչակարգին իւրայատկութիւնն ու էութիւնը», ըսաւ նախագահ Աուն:

Իր կարգին, Քաակ հաստատեց Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումը` հեռու շրջանային տագնապներէն, ինչպէս նաեւ ընդգծեց մայիս 2017-ին երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը, որ շնորհաւորեց նախագահ Աունը` անոր մաղթելով յաջողութիւն, ուժ եւ կորով:

Նախագահ Աունի հերթաբար այցելեցին նաեւ ապահովական կառոյցներու պետերը, որոնց շարքին` Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ- զօրավար Իպրահիմ Պասպուս, Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի պետ գնդապետ – զօրավար Իմատ Օսման, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ- զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ- զօրավար Ժորժ Քարաա եւ Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան պետ գնդապետ – զօրավար Քամիլ Տահեր:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն իր ցուցմունքները տուաւ ապահովական կառոյցներու պետերուն` երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու, օրէնքները արդարօրէն գործադրելու եւ քաղաքացիներուն իրաւունքները պաշտպանելու նպատակով:

 

Նախորդը

«Կը Մերժենք Մաս Կազմել Կառավարութեան, Եթէ Ամալ Շարժումը Անոր Մէջ Չէ Ներկայացուած, Իսկ Կառավարութեան Կազմութեան Բանակցութիւնները Կը Վստահինք Պըրրիի» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Յաջորդը

Վարչապետ Հարիրի Երէկ Աւարտեց Կառավարութեան Կազմութեան Խորհրդակցութիւններուն Առաջին Փուլը

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.