Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սաատ Հարիրի Նշանակուեցաւ Վարչապետ

Նոյեմբեր 4, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

pr-aoun-berri-hariri-1_110316

Աւարտելէ ետք վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները եւ անոնց արդիւնքը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին յայտնելէ ետք, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրին վարչապետ նշանակեց:

Առաւօտեան ժամը 9:00-ին, նախագահ Աուն խորհրդակցութիւններուն սկսաւ հանդիպում մը ունենալով Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքին հետ:

Հհանդիպումէն ետք պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը ոչ ոքի անունը առաջադրած է վարչապետի պաշտօնին համար:

Ապա նախագահ Աուն ընդունեց անկախ երեսփոխան Նիքոլա Ֆաթթուշը, որ  հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ վարչապետի իր թեկնածուն Սաատ Հարիրին է:

Ժամաա Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ նախագահ Աունի հետ հանդիպումէն ետք Սաատ Հարիրիի անունը առաջադրեց վարչապետի պաշտօնին համար:

Անկախ երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ դրուատեց հանրապետութեան նախագահին երդման ճառը` շեշտելով, որ վարչապետի պաշտօնին համար ինք  առաջադրած է Սաատ Հարիրիի անունը:

Անկախ երեսփոխան Տորի Շամուն իր կարգին զօրակցութիւն յայտնեց Հարիրիի թեկնածութեան:

Անկախ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ որոշեց զօրակցիլ համախոհական մթնոլորտին, որուն ծիրին մէջ ան իր կարգին առաջադրեց Հարիրիի անունը:

Երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ Պաապտայէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ ինք շնորհաւորած է նախագահ Աունը եւ մաղթած, որ ան փաստէ, թէ ի նպաստ իրեն չքուէարկողները սխալած են:

Ֆաթֆաթ Հարիրիի անունը առաջադրեց վարչապետի պաշտօնին համար:

Երեսփոխան Մոհամետ Սաֆատի իր կարգին Սաատ Հարիրիի անունը առաջարկեց` մաղթելով, որ լիբանանցիներուն համար նախագահ Աունի իշխանութեան օրերը ըլլան ապահով եւ մտահոգութիւնները փարատող օրեր:

Անկախ երեսփոխան Սերժ Թուրսարգիսեան Սաատ Հարիրիի անունը առաջադրեց` վարչապետի պաշտօնին համար:

Կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքին հետ, նախագահութեամբ` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:

Հանդիպելէ ետք նախագահ Աունի հետ` Պըրրի յայտնեց, որ ինք Հարիրիին պարտական է եւ որոշած է այդ պարտքը ամբողջովին վճարել` անոր անունը առաջադրելով վարչապետի պաշտօնին համար:

Պըրրի այդ պարտքը վերագրեց Հարիրիի այն արտայայտութեան, որուն մէջ ան ըսած էր. «Ես Պըրրիին նեցուկ պիտի կանգնիմ թէ՛ անիրաւ եւ թէ՛ իրաւազուրկ ըլլալու պարագային»:

Պըրրի յայտնեց, որ եթէ իշխանութեան պետերը ուզեն գործակցիլ, ապա իրենք պատրաստ են գործակցելու, իսկ եթէ մերժեն, ապա զիրենք պիտի գտնեն ընդդիմութեան շարքերուն մէջ:

Ապա իշխանութեան Ա. եւ Բ. պետերը ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին նախագահ Աուն Պըրրիի փոխանցեց երեսփոխանական խորհրդակցութիւններուն արդիւնքը, որուն լոյսին տակ Հարիրի հրաւիրուեցաւ նախագահական պալատ:

Ապա նագախահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր կարդաց նախագահական պալատին հրապարակած հրամանագիրը, որուն հիման վրայ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, թէ Սաատ Հարիրի պիտի ստանձնէ վարչապետի պաշտօնը: 112 երեսփոխաններու զօրակցութիւնը վայելող Հարիրի կէսօրին հասաւ Պաապտա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Աունի եւ Պըրրիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն Հարիրիի փոխանցեց խորհրդակցութիւններուն արդիւնքը եւ անոր յանձնեց յաջորդ կառավարութիւնը կազմելու պարտականութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Հարիրի նախագահական պալատին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք ընդունած է ստանձնել վարչապետի պաշտօնը, որ ազգային պարտականութիւն է:

Հարիրի յայտնեց, որ իր պատկերացումը ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւնն է` շրջանցելով քաղաքական բոլոր երկփեղկումները եւ քաղաքական բոլոր ուժերը համախմբելով երդման ճառին շուրջ:

Հարիրի հաստատեց, որ իրենց պարտականութիւնն է լիբանանցիները եւ Լիբանանը փրկել տնտեսական, կենսոլորտային, ապահովական ու քաղաքական տագնապներէն եւ Լիբանանի նկատմամբ արաբական աշխարհին եւ միջազգային ընտանիքին վստահութիւնը վերահաստատել:

Նախորդը

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կ՛առաջադրէ Սաատ Հարիրիի Անունը

Յաջորդը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի Այսօր Կը Սկսի Կառավարութեան Կազմութեան Խորհրդակցութիւններուն

RelatedPosts

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Համաս Պիտի Հրաժարի Իր Զէնքէն, Եւ Եթէ Չհրաժարի, Մենք Զայն Պիտի Զինաթափենք»

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?