Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Մերժենք Մաս Կազմել Կառավարութեան, Եթէ Ամալ Շարժումը Անոր Մէջ Չէ Ներկայացուած, Իսկ Կառավարութեան Կազմութեան Բանակցութիւնները Կը Վստահինք Պըրրիի» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

November 5, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

seyid_nasralla_110416

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ յետմիջօրէին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որ նուիրուած էր Հըզպալլայի զինուորական պատասխանատուներէն  հաժ Մուսթաֆա Շահատէի նահատակութեան:

Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ նաեւ լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններուն, յատկապէս նախագահական ընտրութեան, վարչապետի նշանակման եւ կառավարութեան կազմութեան թղթածրարներուն:

Սէյիտ Նասրալլա ողջունեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը` անոր ընտրութեան առիթով: Ան յայտնեց, որ նախորդ երկուքուկէս տարիներուն ընթացքին Հըզպալլան եւ Դիմադրութիւնը անիրաւուած են եւ ամբաստանուած` իրենց վերագրելով այն կեցուածքները, թէ անոնք նախագահական ընտրութիւն չեն ուզեր կատարել եւ թէ իրենց թեկնածուն նախագահական աթոռի թափուր դրութիւնն է:

«Մենք ստախօս չենք եւ առաջին օրէն իսկ մեր զօրակցութիւնը յայտնած ենք զօր. Աունի եւ միշտ ալ ուզած ենք, որ նախագահական ընտրութիւն կատարուի` յորդորելով, որ հանրապետութեան նախագահին անձին շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու համար պէտք չէ սպասել Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան, ինչպէս նաեւ պէտք չէ սպասել Սուրիոյ պատերազմին աւարտին», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Իրան եւ Սուրիա փափաքեցան, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը զուտ լիբանանեան արտադրութիւն ըլլայ` լիբանանեան քաղաքական ուժերուն ջանքերով իրականացած:

«Մենք հարց չունէինք եւ յանձնառու մնացինք մեր խոստումին: Հետեւաբար երկուքուկէս տարի ետք «նախագահական աթոռը թափուր պահելու մեր նպատակին» յաղթելու մասին խօսողներուն կ՛ըսենք. «Մեր «նպատակը» կրնայիք երկուքուկէս տարի առաջ տապալել», հեգնեց սէյիտ Նասրալլա:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ իր եւ նախագահ Աունի միջեւ գոյութիւն ունի միայն մէկ համաձայնութիւն, որ 2006-ին ստորագրուած համաձայնութիւնն է: «Մենք նախագահական համաձայնութիւն չենք գոյացուցած: Մեր միջեւ միայն վստահութիւն կայ եւ անիկա բաւարար է, ինչպէս նաեւ մեր մտահոգութիւնները կը բաւարարէ այն իմաստով, որ Պաապտայի մէջ կայ անկեղծ, հայրենասէր, նուիրուած, սկզբունքներու տէր եւ ժայռի նման նախագահ, որ չի ծախուիր», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա ողջունեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախագահական ընտրութեան նիստը կառավարելու ոճն ու գիտակցութիւնը, հակառակ անոր որ Պըրրի ի նպաստ զօր. Աունին չէր քուէարկած: «Պըրրի պետական բացառիկ անձնաւորութիւն է, ինչպէս նաեւ ազգային հսկայ երաշխիք», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ ան իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկած է նախագահական այն նիստերուն, որոնց ընթացքին ինք կրնար նախագահ ընտրուիլ` աւելցնելով, որ այդ մէկը Հըզպալլային զօրակցելու յանձնառութիւն էր, որ միայն արժանապատիւ դաշնակիցները կրնան կատարել:

Այս շրջագիծին մէջ ան շեշտեց, որ Լիբանանը պահպանելու միակ երաշխիքը քաղաքական ղեկավարութիւններուն միջեւ անկեղծ յանձնառութեան գոյացումն է:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ իրենք համաձայն են Ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու, որովհետեւ ներկայ փուլը կառավարութեան նման կազմի մը կարիքը ունի:

Ան նշեց, որ նախորդ կառավարութիւններուն մասնակցութեան ընթացքին, երբ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին հաշուոյն անիրաւութիւն կը գործուէր, Հըզպալլա եւ Ամալ շարժումը կ՛օժանդակէին անոր` իրենց մասնակցութիւնը սառեցնելով, եւ այդ կեցուածքին շնորհիւ բանակցութիւնները վերատեսութեան կ՛ենթարկուէին եւ համախմբումը անիրաւելու քայլը կը սրբագրուէր:

«Այս դիտանկիւնէն մեկնելով բնական է, որ մերժենք նոր կազմուելիք կառավարութեան մաս կազմել, եթէ Ամալ շարժումը չներկայացուի նախարարաց խորհուրդին մէջ: Աւելի՛ն. արդար կը գտնենք նաեւ, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկէ Ամալ շարժումի չներկայացուելուն պարագային», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը պիտի խորհրդակցի վարչապետին հետ, սակայն նախարարութիւնները ստանձնելու բանակցութիւնները Պըրրին պիտի վարէ:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ իրենք չեն փափաքիր տիրող դրական մթնոլորտը խանգարել կամ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը ուշացնել` պատրաստակամութիւն յայտնելով այս իշխանութեան հետ գործակցելու, որովհետեւ Լիբանան ինքզինք պաշտպանելու եւ իր անլոյծ հարցերը լուծելու պատմական առիթի մը դիմաց կը գտնուի:

Նախորդը

Նախագահական Պալատը Ժողովրդային Շնորհաւորութեան Առիթ Կու Տայ Լիբանանցիներուն

Յաջորդը

«Նախագահական Երդման Ճառը Պիտի Գործադրուի, Եւ Լիբանանցիները Պիտի Համախմբուին Ներազգային Ու Ապա Արտաքին Քաղաքականութիւններու Շուրջ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.