Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ բանակը բուռն կերպով ռմբակոծած է Արսալի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքները:
Միւս կողմէ, Նապաթիէի Անսար գիւղաքաղաքի պետական դպրոցի շրջափակին մէջ գտնուեցան «Էր. Փէ. Ժէ.» տիպի վեց նռնականետեր եւ հրթիռ մը:
Բանակի սակրաւորները փութացին Անսար գիւղաքաղաք, ուր անոնք պայթեցուցին հրթիռը եւ նռնականետերը փոխադրեցին շրջանին մէջ գտնուող բանակի զօրանոցը:
Աւելի ուշ յայտարարուեցաւ, որ այդ զինամթերքը 2006-ի յուլիսեան պատերազմի մնացորդներէն է:
ՆՇԵՆՔ, որ Մայսել Ժապալ շրջանի բնակիչները երէկ առաւօտեան իրենց գիւղաքաղաքին մէջ նշմարեցին փուչիկներ, որոնք կը կրէին «Բարի եկաք Իսրայէլ» գրութիւնը: Պէտք է աւելցնել, որ իսրայէլեան օդուժը նախանցեալ երեկոյեան թռիչքներ գործած էր Մայսել Ժապալի վերեւ եւ կատարած կեղծ յարձակումներ: