Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառավարութիւն Կազմելու

November 4, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

hasan_fadlalla_110316

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:

Նիստէն ետք երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա կարդաց նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ անդրադարձաւ այն իրականութեան, որ զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելով կարելի եղած է կեանքի կոչել երկրին սահմանադրական հաստատութիւնները:

«Պլոքը բարձր կը գնահատէ նաեւ երկրին մէջ տիրող դրական ու լաւատեսական մթնոլորտը եւ այս շրջագիծին մէջ կը հաստատէ, որ նախագահական ընտրութիւնը Լիբանանի եւ համախոհութիւն գոյացնելու կամքի յաղթանակն է», ըսաւ ան:

Ֆատլալլա նշեց, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը անհրաժեշտ կը նկատէ Լիբանանի մէջ գործակցութեան պահպանումը եւ կը շնորհաւորէ լիբանանցիները` նախագահ Աունի ընտրութեան առիթով:

«Բարձր կը գնահատենք նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի դերակատարութիւնը` նախագահական աթոռի թափուր դրութեան ամբողջ շրջանին, ինչպէս նաեւ նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի ջանքերն ու համբերութիւնը` հակակշռելու համար գերզգայնութիւնները եւ պահպանելու լիբանանեան ներքին կայունութիւնը», նշեց Ֆատլալլա:

Ան կոչ ուղղեց կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որուն առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ ընտրական նոր օրէնքի մշակումը, ինչպէս նաեւ ապահովական եւ տնտեսական կայունութեան ամրապնդումը:

Ֆատլալլա շեշտեց, որ պլոքը կը մերժէ լիբանանեան ներքին հարցերուն արտաքին միջամտութիւնները` ընդգծելով, որ պէտք չէ փճացնել երկրին զօրութիւն ապահովող յատկանիշները, որոնց շարքին «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազը:

Ան ընդգծեց Դիմադրութեան կառչած մնալու եւ լիբանանեան բանակին կարողութիւնները բարելաւելու կարեւորութիւնը:

 

 

Նախորդը

Ռիատ Սալամէ. «Զօր. Աունը Հանրապետութեան Նախագահ Ընտրելը Լիբանանեան Տնտեսութեան Նկատմամբ Վստահութիւն Առթած Է»

Յաջորդը

Մսայթպէի Մէջ. «Ֆրանսա Սալամը Կը Նկատէ Իր Բարեկամը Եւ Պետական Անձնաւորութիւն Մը» Ըսաւ Դեսպան Էմանուէլ Պոն

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.