Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրին խորհրդարանին մէջ սկսաւ կառավարութեան կազմութեան ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւններուն: Նախքան խորհրդակցութիւններուն սկսիլը, ան դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Ապա ան մինչեւ երեկոյ շարունակեց խորհրդակցութիւնները` աւարտելով այդ հանդիպումներուն առաջին փուլը:
Հարիրի այսօր` շաբաթ, 5 նոյեմբերին, խորհրդարանին մէջ պիտի շարունակէ կառավարութեան կազմութեան երեսփոխանական խորհրդակցութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ երեսփոխան Արթիւր Նազարեանի հետ:
Հարիրի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի քննարկումը սկսաւ նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ:
Հանդիպումէն ետք Սալամ յայտնեց, որ Հարիրի լաւապէս պիտի կարենայ կազմել նոր կառավարութիւնը, առանց լուրջ հարցերու, որովհետեւ երկրին մէջ լաւատեսութիւն կը տիրէ:
Ապա ան ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը: Սինիորա շեշտեց, որ նախարարաց խորհուրդի կազմութիւնը եւ գործադիր իշխանութեան աշխուժացումը Լիբանանի համար անհրաժեշտութիւններ են:
Խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի Հարիրիի հետ խորհրդակցելէ ետք ըսաւ, որ կառավարութիւնը ներդաշնակ պէտք է ըլլայ, որպէսզի պետութեան նկատմամբ ժողովուրդին վստահութիւնը վերահաստատուի:
Վարչապետը ընդունեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքը` գլխաւորութեամբ Պըրրիի:
Հանդիպումէն ետք, երեսփոխան Անուար Խալիլ յայտնեց, որ իրենց հանդիպումը դրական էր եւ անկեղծ: Ան նշեց, որ իրենք շեշտած են ժողովուրդին կարիքներուն եւ ապրուստի բարելաւման կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ իրենց պահանջը եղած է, որ նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ նախարարութիւնները արդար կերպով բաժնուին:
Նշենք, որ նախքան Հարիրիի հետ հանդիպումը, Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքը Պըրրիի նախագահութեամբ գումարած էր նիստ մը: Հարիրի ընդունեց նաեւ Ազգային ազատ հոսանքի երեսփոխանական պլոքը` նախագահութեամբ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի:
Հանդիպումէն ետք Քանաան նշեց, որ իրենք առաջարկած են հանրապետութեան նախագահի երդման ճառը վերածել կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին` նկատի ունենալով, որ անոր նկատմամբ քաղաքական բոլոր ուժերը դրուատիքով արտայայտուած են:
Քանաան անհրաժեշտ նկատեց արագ կերպով կառավարութեան կազմութիւնը:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքը իր կարգին հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Հարիրիի հետ:
Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ իրենց պահանջն է, որ ընդդիմութիւնը կառավարութեան մէջ չներկայացուի, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ուժային նախարարութիւն մը յատկացուի:
Երեսփոխաններ Միշել Մըր եւ Նէյլա Թուէյնի իրենց կարգին հանդիպում մը ունեցան Հարիրիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Մըր յայտնեց, որ ինք մաղթած է, որ Հարիրի արագօրէն կազմէ նոր կառավարութիւնը, որպէսզի ամբողջանայ պետութեան պատկերը:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ Հարիրիի հետ խորհրդակցելէ ետք ըսաւ, որ իրենք Հարիրիի հետ դրականօրէն պիտի գործակցին եւ պիտի նպաստեն Լիբանանի բարգաւաճման:
Լեռնալիբանանի միասնականութիւն երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան, հանդիպելէ ետք Հարիրիի հետ նշեց, որ նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ պահանջած է նկատի ունենալ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցչութիւնը:
Հարիրի ընդունեց Ազատ եւ միացեալ Լիբանան երեսփոխանական պլոքի անդամները` նախագահութեամբ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի:
Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութեան եւ կը պահանջեն ուժային նախարարութիւն մը:
Ան նշեց, որ եթէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն զինք նախագահական պալատ հրաւիրէ անկեղծ խօսակցութիւն ունենալու եւ սրտերու լուացում կատարելու համար, ապա ինք պատրաստ է ընդառաջելու:
Զօրակցութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ահմետ Քարամէ Հարիրիի հետ հանդիպելէ ետք մաղթեց, որ կառավարութիւնը ամէնէն մօտիկ ապագային կազմուի եւ Թրիփոլիի բարգաւաճման անհրաժեշտութիւնը նկատի ունենայ:
Երեսփոխան Մոհամետ Սաֆատի եւս խորհրդակցեցաւ վարչապետին հետ: Սաֆատի մաղթեց, որ քաղաքական բոլոր ուժերը դիւրացնեն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:
Պաաս կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքին անունով երեսփոխան Ասեմ Քանսօ ըսաւ. «Եթէ նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ մեզի տեղ պիտի տրուի, ապա կը փափաքինք ըլլալ ընկերային հարցերու նախարարութեան մէջ»:
Ազգային պայքարի ճակատի եւ ժողովրդավարական հանդիպումի երեսփոխանական պլոքը եւս հանդիպեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին:
Հանդիպումէն ետք Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ըսաւ, որ իրենք նուազագոյնը պահանջած են նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ` ընդգծելով նախարարաց խորհուրդը կազմելու կարեւորութիւնը: «Կոչ կ՛ուղղեմ համախոհութեան եւ Լիբանանի հարցերով զբաղելու անհրաժեշտութեան», նշեց Ժոմպլաթ: