
Նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նախագահ ընտրութեան առիթով կիրակի, 6 նոյեմբեր 2016-ին, Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ տեղի պիտի ունենայ ժողովրդային շնորհաւորութիւն, որուն ընթացքին հանրապետութեան նախագահը պալատի շրջափակին մէջ պիտի հանդիպի ժողովուրդին եւ անոր փոխանցէ իր պատգամը:


