ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի ընդգծեց, որ եթէ կամքը գոյանայ, ապա կարելի կը դառնայ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ ընտրական նոր օրէնք մը մշակել:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի հաստատեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրը նախապէս չէ գործադրուած նախագահներուն տկարութեան պատճառով, «սակայն հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կ՛երաշխաւորէ այդ համաձայնութեան գործադրութիւնը», ըսաւ ան: Ֆըրզլի հաստատեց, որ ազգային համախոհութիւնը Լիբանանի փրկութեան միակ երաշխիքն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան յոյս յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի լիբանանցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող երկփեղկումը կարենան փարատել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Օքապ Սաքըր յայտնեց, որ Լիբանանի պատմութեան մէջ հանրապետութեան նախագահ Պաշիր Ժեմայէլէն ետք զօր. Միշել Աուն ամէնէն հզօր նախագահն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ լիբանանեան հզօր պետութեան կերտումին շրջագիծին մէջ իրենք փտածութեան դէմ պիտի պայքարին:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Քարամէ պահանջեց, որ նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ Թրիփոլին լաւ կերպով ներկայացուի:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ կառավարութեան մաս կազմելու որոշումը համապատասխան ժամանակին կ՛որդեգրուի եւ կարելի չէ զայն նախարարութիւններով սահմանափակել:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան համատէ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շիի միակ ղեկավարն է, որ կառավարութիւններուն մասնակցութեան պարագային գերզգայնութիւններ չի յառաջացներ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահը սահմանադրութեան պահակն է, որ պէտք է գործէ ի խնդիր Լիբանանի պաշտպանութեան:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղազի Արիտի շեշտեց, որ Լիբանանի վրայ արտաքին ազդեցութիւնը համեմատաբար նուազած է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յանձնառու է օրինականութեան պահպանումին` աւելցնելով, որ ան ոչ մէկ ձեւով պիտի ուշացնէ կառավարութեան կազմութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Քազեմ Խէյր ընդգծեց, որ հանրապետութեան նախագահի երդման ճառը բոլոր լիբանանցիները կը պարտաւորեցնէ, եւ լիբանանցիները պէտք է գործակցին այդ ճառը գործադրելու համար:
ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս յայտնեց, որ Ցամաքային փոխադրութեան
սենտիքաներու համադաշնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Հանրութեան փոխադրութեան յատուկ ինքնաշարժներու վարորդներու համադաշնակցութիւնը պիտի շարունակեն ինքնաշարժներու մեքանիզմի ստուգման կեդրոնները փակ պահել, մինչեւ որ լիբանանեան պետութիւնը յայտարարէ, թէ այդ կեդրոնները պաշտօնապէս պետական հակակշիռի տակ կը գտնուին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի պատրաստ է ճկուն քաղաքականութիւն վարելու` հասնելու համար երկիրը պաշտպանելու միացեալ նպատակին:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ ժամանակը կ՛արտօնէ, որ ընտրական նոր օրէնք մը մշակուի` աւելցնելով, որ ասիկա կարեւոր քայլ մըն` օրինականութիւնը վերահաստատելու իմաստով:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը առաւելագոյն չափով հեզասահ պիտի ըլլայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի կոչ ուղղեց բոլորին համախմբուելու հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի շուրջ` վերականգնելու համար սահմանադրական հաստատութիւնները: Ան նշեց, որ շատ հաւանաբար յաջորդ կառավարութիւնը բաղկանայ 30 նախարարէ:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիոյ մէջ լոյս տեսնող «Ռիատ» օրաթերթը` իր տեղկութիւնները քաղելով վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներէն, կը հաստատէ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն խոստացած է կառավարութեան նոր կազմը շատ արագ կերպով յայտարարել:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ կառավարութիւնը հեզասահութեամբ եւ առանց խոչընդոտներու կազմուի յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նոր կառավարութեան մէջ պիտի փափաքի ունենալ ուժանիւթի, հաղորդակցութեան միջոցներու եւ փոխադրութեան նախարարութիւնները:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիա զգուշացուցած է նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆին` հաստատելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի կարմիր գիծ է:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ազատականներ կուսակցութիւնը շնորհաւորեց վարչապետ Սաատ Հարիրին անոր նոր պաշտօնին առիթով եւ յոյս յայտնեց, որ ան ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմէ:


