ԱՐՍԱԼԻ բարձունքներուն վրայ անցեալ շաբաթավերջին արձանագրուեցան զինեալ բուռն բախումներ` ահաբեկչական խմբաւորումներուն միջեւ:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու Լեռնալիբանանի տեղեկահաւաքի բաժանմունքը հաղորդեց, որ իրենց ուժերը Ֆարայայի եւ Ամշիթի մէջ ձերբակալած են երկու սուրիացիներ, որոնք ուղղակիօրէն առնչուած են ահաբեկչական ցանցերու:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ Լիբանան չի կրնար կառավարութեան կազմութեան հանդարտ եւ դանդաղ հոլովոյթ մը հանդուրժել:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ կարեւորը կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը հեզասահ դարձնելն է` հեռու մնալով երեւակայական պահանջներէն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով իրենք աշխատանքը պիտի համադրեն Ամալ շարժումին հետ` աւելցնելով, որ իրենք միասին մաս պիտի կազմեն նոր կազմուելիք կառավարութեան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժերը փրկած են հանրապետութիւնը, որ այժմ կը գտնուի ճիշդ հունի մէջ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ զօր. Միշել Աունի ի նպաստ չքուէարկելու իրականութիւնը զօր. Միշել Աունի անձին դէմ ուղղուած չէր` աւելցնելով, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կը գտնուի հանրապետութեան նախագահին կողքին եւ կը զօրակցի անոր:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ ինք կը նախատեսէ, որ կառավարութիւնը կարելի ըլլայ կազմել նախքան անկախութեան տօնը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ առանց Դիմադրութեան զոհողութիւններուն կարելի պիտի չըլլար նախագահական ընտրութիւն կատարել:
ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏ կառավարութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան հաստատեց, որ կառավարութեան պարտականութիւնն է մշակել ընտրական արդի օրէնք մը, որուն նպատակն է ապահովել գործակցութիւնը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա կոչ ուղղեց արագացնելու ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւնը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի հաստատեց, որ ազգային միասնականութեան կառավարութեան ծնունդը մօտալուտ է` հաստատելով, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի երկրին մէջ քաղաքական համագործակցութիւնը աշխուժացնելու:
ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏ կառավարութեան նախարար Ալեն Հաքիմ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան արձանագրած դրական անդրադարձին առաջին նշոյլը այն է, որ երկրին մէջ առեւտուրի համեմատութիւնը տասը առ հարիւրով բարձրացած է:
ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏ կառավարութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ իշխանութեան նոր փուլին ընթացքին փտածութեան բոլոր պատասխանատուները հաշուետուութեան պիտի կանչուին:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Էմ. Քա.» տիպի հետախուզական օդանաւեր երէկ թռիչքներ գործեցին Մազարեհ Շեպաայի, Արքուպի եւ Հասպայայի վերեւ` հասնելով մինչեւ Շէյխ լեռ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կազմուի ազգային միասնականութեան չափանիշներուն համաձայն:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի երեսփոխան Ըսթֆեն Տուէյհի յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին երկրին իշխանութեան յաջողութիւնը տեսնել: Ան շեշտեց, որ իրենք պատրաստ են գործակցելու բոլորին հետ` պահպանելու համար ազգային գործակցութեան ոգին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Այուպ Հըմայէտ հաստատեց, որ ոչ ոք պէտք է մտածէ, թէ Լիբանան պիտի վերադառնայ համայնքային խտրականութեան իրականութեան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ հաստատեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պետական անձնաւորութիւն է եւ համոզուած է, որ Լիբանանի շահերը ամէն ինչէ վեր են:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ հաստատեց, որ իրենք կը փափաքին տեսնել ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որուն առաջնահերթութիւնը կ՛ըլլայ ժողովուրդին կենսական պահանջներուն գոհացումը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ յաջորդ փուլին ընթացքին իրենք Ամալ շարժումին հետ պիտի գործակցին կողք-կողքի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը չխոչընդոտեն` աւելցնելով, որ երկիրը կարիքը ունի ազգային միասնականութեան:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը առաւելագոյնը 15 օրէն պիտի կազմուի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա հաստատեց, որ իրենք դրական մօտեցում կը ցուցաբերեն զօր. Միշել Աունի նախագահ ընտրութեան առիթով, յատկապէս հիմնուելով Աունի արտասանած երդման ճառին վրայ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նապիլ Քաուք ընդգծեց, որ Լիբանան կը գտնուի նոր փուլի մը մէջ, որուն առանցքը յոյսն է:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սելիմ Սայեղ յայտնեց, որ իրենք իշխանութեան նոր փուլին պիտի զօրակցին` հիմնուելով հանրապետութեան նախագահին արտասանած երդման ճառին վրայ:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի զաւակը` Թոնի Ֆրենժիէ ընդգծեց արդի ընտրական օրէնք մը որդեգրելու կարեւորութիւնը:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի յանձնառու է, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ իր մասնակցութիւնը բերէ կազմուելիք կառավարութեան, եւ կ՛ուղղուի անոր յանձնելու առողջապահութեան նախարարութիւնը:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Սիասա» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի կը փափաքի Լիբանանի նոր կառավարութիւնը կազմել նախքան երկրին Անկախութեան տօնը: