Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

1989-1990-ի Յիշողութեան Ազդեցութեան Տակ Ժողովուրդը Ուղղուեցաւ Իր Տունը

Նոյեմբեր 7, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

aoun-15_110616

Ընդառաջելով նախագահական պալատի հրաւէրին` երէկ լիբանանցիներու ծովածաւալ բազմութիւն մը ուղղուեցաւ Պաապտա, շնորհաւորելու համար հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը:

Նախագահական պալատին մուտքին ժողովուրդը դիմաւորուեցաւ «Ժողովուրդին տուն»-ը պաստառով, եւ լիբանանեան դրօշակներով, ազգային երգերով եւ զօր. Աունի նուիրուած յատուկ կանչերով ողջունեց հանրապետութեան նախագահը:

baabda6_110616

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն դէպի նախագահական պալատ քալած լիբանանցիները իրենց քայլարշաւին ընթացքին կը վերյիշէին իրենց անցեալը, 1989-ի եւ 1990-ի յիշողութեամբ անոնք կ՛ուղղուէին նախագահական պալատ` սատարելու հանրապետութեան նախագահին եւ շնորհաւորելու զայն` միջազգային քաղաքականութեան բանեցուցած ճնշումներուն ներքեւ չընկրկելու եւ քառորդ դար ետք իր երազը իրականացնելու առիթով:

«Կրած լիբանանեան դրօշակս 26 տարի առաջ 1990-ին ձեռքս էր, երբ Պաապտա ուղղուեցայ. անկէ ետք մեր տան պահարանին մէջ մնաց այդ դրօշակը, մինչեւ որ իրականացաւ երազը եւ այսօր դարձեալ զայն կը կրեմ», կ՛ըսէ քաղաքացի մը քայլարշաւի պահուն:

Այլ քաղաքացի մը կ՛ոգեկոչէ 13 հոկտեմբեր 1990-ի նահատակ բանակայիններուն յիշատակը` հաստատելով, որ անոնց թափած արիւնը յումպէտս չէ հոսած:

Յուզուած ու ձիթենիի ճիւղ կրող կին մը կը հաստատէ, որ 1988-էն ի վեր իրեն համար զօր. Միշել Աունն է Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը, եւ բազմաթիւ նման պատմութիւններ:

Իսկական յուզումը սակայն լիբանանցին ապրեցաւ, երբ նախագահ Աուն դուրս եկաւ պալատէն եւ պալատի շրջափակին մէջ հաւաքուած բազմահազար քաղաքացիները ողջունեց «Ո՛վ Լիբանանի փառաւոր ժողովուրդ» արտայայտութեամբ:

Նախագահ Աուն իր մատներով յաղթանակի նշանը պարզեց եւ հաստատեց, որ թէեւ 26 տարի առաջ այլ տարազով կ՛ողջունէր զանոնք, սակայն իր միտքը եւ խօսքը կը մնան նոյնը:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ իրենք նոյն վայրին մէջ հանդիպած են դժուար պայմաններու մէջ, սակայն միշտ ալ եղած են հպարտ եւ բարձր կորովով:

«Սակայն մեր բանակայիններէն շատեր նահատակուեցան, իսկ ոմանք անյայտ կորսուեցան. անոնք մեր սիրելիներն են, եւ չկայ ազգային առիթ մը, որուն ընթացքին անոնց յիշատակը չենք ոգեկոչեր: Այս հրապարակը երկու տարիներ շարունակ չլքեցինք, ամէնէն դժուար պայմաններուն ընթացքին, սակայն դժբախտաբար օրին միջազգային հսկայ խաղ մը յաղթեց մեզի եւ արտօնեց, որ ոչ լիբանանցի զինուորներ ներխուժեն մեր երկիրը», շեշտեց ան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ երբ ինք ստանձնեց Լիբանանը, անիկա 20 կտոր էր, սակայն ինք լիբանանցիներուն դէմ չկռուեցաւ, իշխանութեան հասնիլը իր նպատակը չէր, այլ այդ պատերազմին պէտք էր իր իսկական իմաստը շնորհել եւ ընդգծել, որ անիկա ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան համար մղուած պատերազմ էր:

Ան շեշտեց, որ Պաապտայէն դուրս գալը խայտառակութիւն չէր, այլ պարտութիւն: «Մենք պալատէն դուրս եկանք, Լիբանանէն հեռացանք, սակայն հեռուէն գործեցինք եւ պայքարեցանք, մինչեւ որ զինեալ պայքարը աւարտեցաւ եւ սկսաւ խաղաղ պայքարը` ուսանողներուն ցոյցերով եւ 15 տարի շարունակ այդ ցոյցերուն ընթացքին գործուած բռնութիւնները մերժելով», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ոչ ոք կրնայ զիրենք զսպել, որովհետեւ ազատութիւնը իրենց համար բնածին արժէք է, զոր կը պահեն: «Այսօր մենք ճակատաբաց եւ արժանապատուութեամբ կրնանք ժողովուրդներուն դիմաց կանգնիլ, որովհետեւ մենք կերտած ենք մեր ազգային միասնականութիւնը: Իսկ այսօր մենք կը սկսինք երկրորդ փուլը, որ հայրենիքի կերտման փուլն է», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ հանրապետութեան նախագահ դառնալը նպատակ չէ, այլ նպատակը իր ազգային միասնականութեամբ հզօր հայրենիքի եւ հզօր պետութեան կերտումն է: «Հզօր պետութիւնը կարելի է կերտել սահմանադրութեան հիման վրայ, սահմանադրութիւն մը, որ կը յարգուի քաղաքական բոլոր անձնաւորութիւններուն կողմէ: Հետեւաբար չկայ մէկը, որ կրնայ խախտել սահմանադրութիւնը», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ լիբանանցիները եւս պէտք է յարգեն օրէնքները, իսկ անոնց ապահովութեան պէտք է հսկեն ոչ քաղաքականացած ապահովութեան ուժեր, որոնց առաքելութիւնն է կարգի ու կանոնի գործադրութեան հսկել:

Ան հաստատեց, որ լիբանանցիներուն համար ամէնէն առաջ պիտի ապահովուին ջուրի եւ ելեկտրականութեան ծառայութիւնները, ինչպէս նաեւ ճամբաներու շինութիւնը:

«Աշխատանքի կամքն ու կորովը առկայ են: Իշխանութեան բարգաւաճման ծրագիր գոյութիւն ունի, եւ որեւէ օտար երկրի պարտական պիտի չըլլանք: Որեւէ երկրի հետ մեր յարաբերութիւնը պիտի ըլլայ բարեկամական, եւ վերջ պիտի տանք արտաքին հոգատարութեան տրամաբանութեան: Ժողովուրդին պատասխանատուութիւնը եւս մեծ է. մաքրութիւնը մշակոյթ է, պարկեշտութիւնը մշակոյթ է: Մեր միջավայրը պէտք է ըլլայ մաքուր եւ մեր քաղաքականութիւնը պէտք չէ փտածութեան վրայ հիմնուի: Փտածութիւնը արմատախիլ պիտի ըլլայ, իսկ կենսոլորտը ամէն գնով պիտի դառնայ մաքուր», եզրափակեց նախագահ Աուն:

 

Նախորդը

Հարիրի Կառավարութեան Կազմութեան Խորհրդակցութիւններուն Արդիւնքները Փոխանցեց Նախագահ Աունին

Յաջորդը

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Հարիրիէն Կը Պահանջէ Յարգել Ազգային Ուխտը

RelatedPosts

«Եկայ Լիբանանին Ու Անոր Ժողովուրդին  Քուէյթի Աջակցութիւնը Հաստատելու»  Կ՛ըսէ Քուէյթի Ներքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

«Եկայ Լիբանանին Ու Անոր Ժողովուրդին Քուէյթի Աջակցութիւնը Հաստատելու» Կ՛ըսէ Քուէյթի Ներքին Գործոց Նախարարը

Յուլիս 15, 2025
Նախագահ Աուն Մորաթինոսէն Կը Խնդրէ Աջակցիլ  Լիբանանի Մէջ «Հանդիպման Եւ Երկխօսութեան Համար  Մարդու Ակադեմիա»-ի Ստեղծման
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Մորաթինոսէն Կը Խնդրէ Աջակցիլ Լիբանանի Մէջ «Հանդիպման Եւ Երկխօսութեան Համար Մարդու Ակադեմիա»-ի Ստեղծման

Յուլիս 15, 2025
Նասսար. «Սալամին Առաջարկեցի Սուրիոյ Հետ  Քննարկել Սուրիացի Բանտարկեալներուն Իրենց  Պատիժը Այդ Երկրին Մէջ  Շարունակելու Կարելիութիւնը»
Լիբանանեան

Նասսար. «Սալամին Առաջարկեցի Սուրիոյ Հետ Քննարկել Սուրիացի Բանտարկեալներուն Իրենց Պատիժը Այդ Երկրին Մէջ Շարունակելու Կարելիութիւնը»

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?