Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի Կառավարութեան Կազմութեան Խորհրդակցութիւններուն Արդիւնքները Փոխանցեց Նախագահ Աունին

Նոյեմբեր 7, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

aoun_hariri_110616

Վարչապետ Սաատ Հարիրի խորհրդարանին մէջ շարունակեց կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները, որոնց աւարտէն ետք ուղղուեցաւ Պաապտա` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին փոխանցելու այդ խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները:

Նախագահ Աունի հետ այս շաբթուան ընթացքին այլ հանդիպում մը ունենալու շուրջ համաձայնելէ ետք, Հարիրի մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

Հարիրի երէկ գիշեր ժամը շուրջ 9:00-ին, Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը, որուն հետ խորհրդակցեցաւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին շուրջ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշի, ինչպէս նաեւ վարչապետի խորհրդատուներ Ղաթթաս Խուրի եւ Նատեր Հարիրի:

Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի շաբաթ օր խորհրդակցութիւններուն սկսաւ ընդունելով Ղովմի կուսակցութեան երեսփոխաններ Ասաատ Հարտանն ու Մարուան Ֆարեսը:

Հանդիպումէն ետք Հարտան յայտնեց, որ Ղովմի կուսակցութեան իրաւունքն է ունենալ գլխաւոր նախարարութիւն մը` աւելցնելով, որ իրենց համար առաջնահերթութիւն է աղբի, ջուրի եւ ելեկտրականութեան տագնապներուն լուծումը, ինչպէս նաեւ բանակին հզօրացումը:

Երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ Հարիրիի հետ հանդիպելէ ետք հաստատեց, որ ինք պահանջած է, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը ընդգրկէ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազը:

hariri_resistance_bloc_110616

Հարիրի ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը, որուն անունով պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ հաստատեց, որ ողջունած է ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու եւ քաղաքական բոլոր ուժերը ներառելու մտադրութիւնը:

Ռաատ ընդգծեց, որ կառավարութիւնը պէտք է լուծէ քաղաքացիներուն դիմագրաւած ապրուստի տագնապը եւ հաստատէ ապահովական կայունութիւնը:

Ռաատ պահանջեց, որ աւելի արդար ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական նոր օրէնք մը մշակուի:

Ան աւելցուց, որ Հըզպալլայի ստանձնելիք նախարարութիւններուն առումով բանակցութիւնները պիտի վարէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի:

Ժամաա Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ վարչապետին հետ խորհրդակցելէ ետք առաջարկեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը հիմնուի «Պաապտայի յայտարարութեան» եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի երդման ճառին վրայ:

Երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ վարչապետ Հարիրիէն պահանջեց ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմել, որպէսզի պետութեան եւ պետական հաստատութիւններուն նկատմամբ ժողովուրդին վստահութիւնը վերահաստատուի:

Երեսփոխան Միշել Ֆարաոն վարչապետին հետ հանդիպելէ ետք կոչ ուղղեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագացնելու:

Հարիրի խորհրդակցեցաւ նաեւ երեսփոխաններ Տորի Շամունի եւ Նիքոլա Ֆաթթուշի հետ: Շամուն եւ Ֆաթթուշ մեկնեցան առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Ընթացաւարտ կառավարութեան նախարար Պութրոս Հարպ բացակայեցաւ վարչապետ Հարիրիի հետ կատարելիք խորհրդակցութենէն` ճամբորդութեան պատճառով:

Երեսփոխան Սերժ Թուրսարգիսեան Հարիրիի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք մաղթեց, որ լիբանանցի կիները ներկայացուին կառավարութեան մէջ:

Երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ առանձինն հանդիպեցաւ վարչապետին հետ` պահանջելով, որ Մընիէ-Տըննիէ շրջանը նախարարով մը ներկայացուի կառավարութեան մէջ. ան աւելցուց, որ ինք այդ պաշտօնին թեկնածու չէ:

Ապա Ֆաթֆաթ միացաւ Մուսթաքպալ պլոքին, որ իր կարգին խորհրդակցութիւններ կատարեց Հարիրիի հետ:

Պլոքին անունով նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդգծեց կառավարութիւնը արագօրէն կազմելու անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով, որ այդ մէկը կատարելու համար բոլորին օժանդակութեան կարիքը կայ:

Կառավարութեան կազմութեան առումով վարչապետ Հարիրի խորհրդակցութիւններ կատարեց նաեւ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի հետ:

Աւարտելէ ետք երկօրեայ խորհրդակցութիւնները` Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց Պըրրիին, անոր ցուցաբերած դրական մօտեցումին եւ գործակցելու պատրաստակամութեան համար:

Ան նշեց, որ ինք խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները պիտի փոխանցէ նախագահ Աունին` աւելցնելով, որ Լիբանան կարիքը ունի անմիջապէս աշխատանքի սկսող կառավարութեան մը` շեշտելով, որ նախագահ Աունի եւ Պըրրիի հետ գործակցաբար պիտի փորձէ ամէնէն մօտիկ առիթով կազմել կառավարութիւնը: Ան շեշտեց, որ երկրին մէջ կը տիրէ դրական մթնոլորտ մը` մաղթելով, որ բոլորը լաւատեսութեամբ շարունակեն իրենց գործակցութիւնը:

 

Նախորդը

Թամմամ Սալամ Կ՛ողջունէ Լիբանանի Նոր Իշխանութեան Փուլը

Յաջորդը

1989-1990-ի Յիշողութեան Ազդեցութեան Տակ Ժողովուրդը Ուղղուեցաւ Իր Տունը

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?