Նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Մսայթպէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնը, որուն հետ քննարկեց տեղական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Պոն յայտնեց, որ ինք իր եւ ֆրանսական իշխանութիւններուն յարգանքը փոխանցած է Սալամին:
«Ֆրանսա Սալամը կը նկատէ իր բարեկամը եւ պետական անձնաւորութիւն մը, որ նախորդ երկու տարիներուն ընթացքին շատ դժուար պայմաններու մէջ կառավարեց երկիրը: Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք անոր անկեղծութեան եւ բոլորին հետ գործակցութեան համար», ըսաւ Պոն:
Սալամի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: