Նախագահ Սարգսեան Պաշտօնապէս Կը Շնորհաւորէ Նախագահ Աունը
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց զօր. Միշել Աունին` հանրապետութեան նախագահ ընտրուելուն առիթով: «Վստահ եմ, որ ձեր երկարամեայ փորձառութիւնը եւ Լիբանանի համար բարեկեցիկ ու անվտանգ ապագայ մը ապահովելու իմաստով անմնացորդ նուիրուածութիւնը լաւագոյնս կը ծառայեն իրենց նպատակին: «Համոզուած եմ, որ ձեր պաշտօնավարութեան ընթացքին դարերու խորքէն եկող հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներուն բարեկամութիւնը աւելի եւս կ՛ամրապնդուի եւ կը ստանայ...



















