Զօր. Սլէյման Կոչ Ուղղեց Ներկայ Յարմար Պայմաններէն Օգտուելու Եւ Ամէնէն Արագ Միջոցին Կառավարութիւն Մը Կազմելու
Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարին, ինչպէս նաեւ ընթացաւարտ կառավարութեան շարք մը նախարարներ, որոնց ներկայութեան կոչ ուղղեց քաղաքական ուժերուն ներկայ յարմար պայմաններէն օգտուելու եւ ամէնէն արագ միջոցին կառավարութիւն մը կազմելու, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանցիներուն կուտակուած վնասները հատուցել, ինչպէս նաեւ կառավարական աշխատանքն ու բոլոր հաստատութիւնները աշխատանքի վերադարձնել: Զօր. Սլէյման մաղթեց, որ նոր կազմուելիք կառավարութիւնը կարենայ...




















