Լիբանանեան

ԿՈՉ

ԿՈՉ

Վաղը ազգային սուգի օր է Լիբանանի մէջ: Պետական եւ ժողովրդային մեծ շուքով հրաժեշտը պիտի կատարուի լիբանանցի բանակայիններու, որոնք անձնուիրաբար ինկան ահաբեկչութեան դէմ պատերազմի ճակատին վրայ: Այս առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կոչ կ՛ուղղէ մեր հայրենակիցներուն, որ վաղը` ուրբաթ փակ պահեն իրենց սեփական եւ հանրային հաստատութիւններն ու վաճառատուները, առ ի յարգանք Լիբանանի գերիշխանութեան եւ ամբողջականութեան համար զոհուած բանակայիններու յիշատակին: ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ...

Առեւանգուած Բանակայինները` Նահատակներ. 8 Սեպտեմբերը Կը Յայտարարուի Ազգային Սուգի Օր

Առեւանգուած Բանակայինները` Նահատակներ. 8 Սեպտեմբերը Կը Յայտարարուի Ազգային Սուգի Օր

Ցաւալի իրականութիւնը պարտադրեց ինքզինք եւ Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթան ահաբեկչութեան լուծէն ազատագրելու յաղթանակին քաղցրութիւնը միաձուլուեցաւ առեւանգուած բանակայիններուն նահատակուած ըլլալուն դառն ճշմարտութեան: Երէկ կէսօրէ առաջ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց պաշտպանութեան նախարարութիւն, ուր հանդիպում ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Ներկայ էին նաեւ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըր եւ Ուատի Հմայտի մէջ բացայայտուած աճիւններու «Տի. Էն....

Նախագահներ Աուն Եւ Թուատերա Կ՛ընդգծեն  Երկկողմանի Յարաբերութիւնները  Ամրապնդելու Կարեւորութիւնը

Նախագահներ Աուն Եւ Թուատերա Կ՛ընդգծեն Երկկողմանի Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Կարեւորութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Կեդրոնական Ափրիկէի նախագահ Ֆոսթին Արշանժ Թուատերան, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Լիբանան: Հանդիպումէն ետք նախագահներ Աուն եւ Թուատերա տուին միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւնները` աւելցնելով, որ Կեդրոնական Ափրիկէն յանձնառու է Լիբանանի բարգաւաճման: Ան նշեց, որ Լիբանան եւ...

Նախարար Կիտանեան Այցելեց Պետական  Հաշուեքննիչ Դիւանի Եւ Պաշտպանութեան  Նախարարութեան Կեդրոնները

Նախարար Կիտանեան Այցելեց Պետական Հաշուեքննիչ Դիւանի Եւ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Կեդրոնները

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ այցելեց Պետական հաշուեքննիչ դիւանի նախագահ, դատախազ Ահմետ Համտանի, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան եւ դիւանին միջեւ գործակցութիւնը բարելաւելու միջոցները: Համտան դրուատեց նախարար Կիտանեանի աշխատանքը, որուն շնորհիւ Լիբանանի զբօսաշրջութիւնը փայլուն պատկերով ներկայացուեցաւ եւ քաջալերեց արտերկրի լիբանանցին` վերադառնալու իր երկիրը, ինչպէս նաեւ օտարը` այցելելու Լիբանան: Համտան ընդգծեց պետական վարչութիւններուն աշխատանքին նկատմամբ յանձնառութիւնը` աւելցնելով, որ անիկա համազօր է պետական...

Պըրրի Ընդգծեց Քննչական Խորհուրդներուն  Դերակատարութեան Կարեւորութիւնը  Եւ Խորհրդարանը Հրաւիրեց Լիագումար Նիստերու

Պըրրի Ընդգծեց Քննչական Խորհուրդներուն Դերակատարութեան Կարեւորութիւնը Եւ Խորհրդարանը Հրաւիրեց Լիագումար Նիստերու

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ընթացքին Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումարի, որ տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 19 եւ չորեքշաբթի, 20 սեպտեմբերին, ցերեկային եւ գիշերային նիստերով: Խորհրդարանը պիտի քննարկէ նոր օրինագիծեր, որոնք կը վերաբերին աշխատավարձի յաւելումներուն եւ տուրքերուն: Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ կէսօրին Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ...

«Ահաբեկչութիւնը Պարտուած Է, Իսկ Նախագահ  Աունի Օրով Հաշուետուութիւնը  Մնայուն Ներկայութիւն Պիտի Ըլլայ»  Շեշտեց Քանաան

«Ահաբեկչութիւնը Պարտուած Է, Իսկ Նախագահ Աունի Օրով Հաշուետուութիւնը Մնայուն Ներկայութիւն Պիտի Ըլլայ» Շեշտեց Քանաան

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ ահաբեկչութիւնը պարտուած է եւ Լիբանան ազատագրուած: Ան շեշտեց, որ բանակին գործողութիւնը յաջողած է մարդկային նուազագոյն կորուստներով, ինչպէս նաեւ բոլոր լիբանանցիներուն կողմէ այդ գործողութեան նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութեամբ: Քանաան շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր....

«Եթէ Բանակայիններուն Առեւանգումին Մասին  Հետաքննութիւն Պիտի Բացուի, Ապա Անիկա Պէտք Է  Ներառէ Այդ Ժամանակաշրջանին  Գործած Բոլոր Պատասխանատուները»  Ընդգծեց Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը

«Եթէ Բանակայիններուն Առեւանգումին Մասին Հետաքննութիւն Պիտի Բացուի, Ապա Անիկա Պէտք Է Ներառէ Այդ Ժամանակաշրջանին Գործած Բոլոր Պատասխանատուները» Ընդգծեց Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Նիստէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ խորհուրդը ողջունեց լիբանանեան  բանակը` նշելով, որ ան փաստած է, թէ ինք հզօր եւ կարող բանակ է` աւելցնելով միաժամանակ, որ բանակը պատրաստակամ է իր պարտականութիւնները կատարելու, եթէ քաղաքական կամք գոյանայ: Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը յայտնեց, որ բանակը ինքզինք փաստած է...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի որսի եղանակի բացումին առիթով ընդգծեց նախարարութեան` օրէնքներուն կառչած մնալու եւ քաղաքացիներուն կողմէ որսորդութեան մասնակցելու արտօնագիրներ կրելու յանձնառութիւնը: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի սակացոյցը, որուն համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 300 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը` 100 լ. ոսկիով: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր...

Բացայայտուած Աճիւններուն «Տի. Էն. Էյ.»-ի  Քննութեան Արդիւնքներու Յայտարարութենէն Ետք  Կը Ճշդուի Նաեւ Ընդհանուր Սուգի Օրը

Բացայայտուած Աճիւններուն «Տի. Էն. Էյ.»-ի Քննութեան Արդիւնքներու Յայտարարութենէն Ետք Կը Ճշդուի Նաեւ Ընդհանուր Սուգի Օրը

Ատհայի տօնին առիթով երկարատեւ արձակուրդի աւարտէն ետք Լիբանանի քաղաքական բեմը երէկ վերադարձաւ իր աշխուժութեան: Արդարեւ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի պահանջին ընդառաջելով արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի երէկ Ընդհանուր դատախազութենէն պահանջեց Արսալի մէջ 2014-ին առեւանգուած բանակայիններու թղթածրարին վերաբերեալ հետաքննութիւն բանալ` առ ի յարգանք ճշմարտութեան, նահատակներուն թափած արեան եւ անոնց ընտանիքներուն տառապանքին: Ժրայսաթի յայտնեց նաեւ, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը բացայայտուած աճիւններուն վերաբերող...

«Ահաբեկչութեան Դէմ Լիբանանի Արձանագրած  Յաղթանակը Խոստմնալից Է»   Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Ահաբեկչութեան Դէմ Լիբանանի Արձանագրած Յաղթանակը Խոստմնալից Է» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր երեկոյեան ժամը 6:30-ին նախագահական պալատին մէջ պիտի ընդունի Կեդրոնական Ափրիկէի նախագահ Ֆոսթին Արշանժ Թուատերան, որուն հետ պիտի քննարկէ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք նախագահներ Աուն եւ Թուատերա պիտի տան միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, որուն պիտի յաջորդէ պաշտօնական ընթրիքի երեկոյ մը` ի պատիւ Թուատերայի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան: Նշենք, որ հինգշաբթի, 7 սեպտեմբերին Թուատերա...

Իսրայէլ Ձեռնարկած Է  Ընդարձակ Ռազմափորձի

Իսրայէլ Ձեռնարկած Է Ընդարձակ Ռազմափորձի

Իսրայէլեան ուժերը երէկ սկսան ռազմափորձի մը, որ ամէնէն կարեւորն ու ընդարձակը կը նկատուի անցնող 19 տարիներուն ընթացքին: Իսրայէլի ձեռնարկած այս ընդարձակ ռազմափորձը կը կատարուի հիւսիսային Իսրայէլի մէջ եւ պիտի տեւէ տասը օր: Ռազմափորձին կը մասնակցին 20 իսրայէլեան ջոկատներ, զրահապատներ, թնդանօթներ, կործանիչներ եւ ռմբաձիգներ, որոնց նպատակն է պատրաստ վիճակ ունենալ Իսրայէլի հիւսիսային սահմաններուն վրայ Հըզպալլայի կողմէ սանձազերծուելիք պատերազմի պարագային: Իսրայէլեան ուժերուն...

Իպրահիմ Զօր. Պերիի Հետ Քննարկեց  Երկկողմանի Գործակցութիւնը  Ամրապնդելու Հեռանկարները

Իպրահիմ Զօր. Պերիի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերին, որուն հետ քննարկեց սահմանագօտիին վրայ տիրող իրավիճակը, ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելու որոշումին լոյսին տակ: Հանդիպումին ընթացքին Իպրահիմ եւ Պերի քննարկեցին նաեւ ՄԱԿ-ի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Ռուսիոյ Եւ Զուիցերիոյ Դեսպանները  Պըրրիի Հետ Քննարկեցին  Լիբանանի Իրադարձութիւնները

Ռուսիոյ Եւ Զուիցերիոյ Դեսպանները Պըրրիի Հետ Քննարկեցին Լիբանանի Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Մոնիքա Շմուց: Քննարկուեցան Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական հարցերն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախկին քոնկրեսական, արմատներով լիբանանցի Ռէյ Լահուտ:

Սամի Ժեմայէլ Հարց Կու Տայ Կառավարութեան`  Մասնակի Երեսփոխանական  Ընտրութիւններուն Թուականին Մասին

Սամի Ժեմայէլ Հարց Կու Տայ Կառավարութեան` Մասնակի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Թուականին Մասին

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ հարց տուաւ կառավարութեան` մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւններուն թուականին մասին: «Ինչո՞ւ կառավարութիւնը յանձնառու չի մնար Քեսրուանի եւ Թրիփոլիի մէջ մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու սահմանադրական ժամկէտին եւ ինչո՞ւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութիւնը ցարդ ընտրական խորհուրդները աշխատանքի չէ հրաւիրած», հարց տուաւ Ժեմայէլ: Միւս կողմէ, Ժեմայէլ նախանցեալ օր նախագահեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին բարձր...

Մաքրոնի Հետ Հանդիպումէն Ետք .  «Տեղահանուածները Ծանր Բեռ Են Լիբանանի  Տնտեսութեան Եւ Ապահովութեան Վրայ»   Շեշտեց Հարիրի

Մաքրոնի Հետ Հանդիպումէն Ետք . «Տեղահանուածները Ծանր Բեռ Են Լիբանանի Տնտեսութեան Եւ Ապահովութեան Վրայ» Շեշտեց Հարիրի

Վարչապետ Սաատ Հարիրի ուրբաթ, 1 սեպտեմբեր 2017-ին, Փարիզի մէջ  հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ: Էլիզէի պալատին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, Լիբանանի վրայ անոնց ունեցած հետեւանքները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վրայ սուրիացի տեղահանուածներուն ունեցած հետեւանքներն ու Լիբանանին մատուցուելիք օժանդակութիւնները, յատկապէս լիբանանեան տնտեսութիւնը բարգաւաճեցնելու առումով: Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Մաքրոն յայտնեց, թէ...

Մինչեւ Ե՛րբ Քարկոծել Եզակի Այս Կառոյցը (Լիբանանեան Բանակի 70-Ամեակ)

Բանակը Ձերբակալեց Ապու Թաքիէի Զաւակը` Օպատա Հուժէյրի

Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը հաղորդեց, որ ուրբաթ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Արսալի մէջ ձերբակալած է Օպատա Հուժէյրին` Ապու Թաքիէի զաւակը, որ քանի մը յանցանքով արդէն իսկ պահանջուած էր: Բանակի անցարգելներէն մէկուն վրայ Օպատա Հուժէյրիի ձերբակալումի պահուն անոր ինքնաշարժին մէջ գտնուած են զէնքեր: Բանակին կողմէ Ապու Թաքիէի զաւկին ձերբակալման լուրին իբրեւ հակազդեցութիւն, բանակի մասնայատուկ ուժերու նախկին հրամանատար, հանգստեան կոչուած գնդապետ-զօրավար Շամել Ռուքոզ...

Իպրահիմ. «Առանձին Գործող  Մահապարտներուն Վտանգը Տակաւին Առկայ Է»

Իպրահիմ. «Առանձին Գործող Մահապարտներուն Վտանգը Տակաւին Առկայ Է»

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ հակառակ Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթայի ազատագրումին եւ ահաբեկչութեան դէմ արձանագրուած յաղթանակին, ահաբեկչութեան դէմ պատերազմը կը շարունակուի: Ան շեշտեց, որ ապահովական կառոյցներն ու բանակայինները կը մնան կազմ ու պատրաստ` աւելցնելով, որ յառաջիկայ փուլը կրնայ դիմակայումի տարբեր ձեւի մը դէմ յանդիման գտնուիլ: Իպրահիմ ընդգծեց, որ աշխարհագրական իմաստով ահաբեկչութիւնը Լիբանանի մէջ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն արաբ եւ իսլամ ղեկավարները շնորհաւորեց Ատհայի տօնին առիթով եւ անոնց ուղղեց իր բարեմաղթութիւնները` յոյս յայտնելով, որ Ատհայի տօնը ըլլայ առիթ մը իրենց երկիրներուն սպառնացող մարտահրաւէրները դիմագրաւելու: ՏԱՐ Ֆաթուա լիբանանցիները շնորհաւորեց Ատհայի տօնին առիթով: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը կառավարութեան փոխանցած է 2018-ի պետական ամավարկը` համաձայն սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին: ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ...

Մամլոյ Արձակուրդ

Ատհայի տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ շաբաթ, 2 եւ երկուշաբթի, 4 սեպտեմբեր 2017-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երեքշաբթի, 5 սեպտեմբերին:

Հըզպալլա Պաալպեքի Մէջ Տօնեց  Լիբանանի Բ. Ազատագրումը

Հըզպալլա Պաալպեքի Մէջ Տօնեց Լիբանանի Բ. Ազատագրումը

«Այս Յաղթանակը Կերտած Է «Բանակ, Ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» Ոսկեայ Տարազը, Իսկ Մենք Յանձնառու Կը Մնանք Շարունակելու Յաղթանակի Ժամանակաշրջանը» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթան ահաբեկչութենէ ազատագրելու առիթով, Հըզպալլա երէկ Պաալպեքի մէջ կազմակերպեց Լիբանանի Բ. ազատագրումին նուիրուած տօնակատարութիւն մը, որուն ներկայ գտնուեցան տասնեակ հազարաւորներ: Երեկոյեան ժամը 5:00-ին Պաալպեքի «Մաարատ» հրապարակին վրայ սկսած տօնակատարութեան ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, նախարար...

Page 709 of 987 1 … 708 709 710 … 987

Արխիւներ