Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ հարց տուաւ կառավարութեան` մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւններուն թուականին մասին:
«Ինչո՞ւ կառավարութիւնը յանձնառու չի մնար Քեսրուանի եւ Թրիփոլիի մէջ մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու սահմանադրական ժամկէտին եւ ինչո՞ւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութիւնը ցարդ ընտրական խորհուրդները աշխատանքի չէ հրաւիրած», հարց տուաւ Ժեմայէլ:
Միւս կողմէ, Ժեմայէլ նախանցեալ օր նախագահեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին բարձր գնահատուեցան Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթան ազատագրելու լիբանանեան բանակին ճիգերն ու նուաճումը` խստիւ քննադատելով ՏԱՀԵՇ-ականներուն ապահով հեռացումը Լիբանանէն:



