Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 7, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի որսի եղանակի բացումին առիթով ընդգծեց նախարարութեան` օրէնքներուն կառչած մնալու եւ քաղաքացիներուն կողմէ որսորդութեան մասնակցելու արտօնագիրներ կրելու յանձնառութիւնը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի սակացոյցը, որուն համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 300 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը` 100 լ. ոսկիով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր կոչ ուղղեց առեւանգուած բանակայիններու թաղման արարողութեան օրը Ազգային սուգի օր յայտարարելու:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ հաստատեց, որ Սուրիոյ հետ գործակցութիւնը ամբողջական պէտք է ըլլայ` քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական առումով: Ան նշեց, որ եթէ արտերկրի լիբանանցիները Լիբանանին կատարած իրենց նիւթական օժանդակութիւնները կասեցնեն, ապա Լիբանանի վիճակը խոցելի կը դառնայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան շնորհաւորեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատն ու Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան` շեշտելով, որ ահաբեկչութեան դէմ արձանագրուած յաղթանակին բարիքները բոլորը պիտի վայելեն:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի կոչ ուղղեց առեւանգուած բանակայիններու թղթածրարին վերաբերեալ թափանցիկ հետաքննութիւն բանալու` առանց այդ հարցը քաղաքականացնելու:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Աուար շեշտեց, որ լիբանանցիները խիստ կարիքը ունին Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կը ներկայացնէ կառավարութիւնը, սակայն կառավարութեան անունով որոշումներ չի տար: Ան հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը կրցած է ահաբեկչութեան դէմ յաղթանակ արձանագրել` աւելցնելով միաժամանակ, որ բանակը կրնայ ահաբեկիչներէն փրկել Լիբանանը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ շեշտեց, որ տակաւին կանուխ է խօսիլ ընտրացանկերու մասին: Ան նշեց, որ ինք երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ, սակայն այդ հարցը որոշ խորհրդակցութեան կարիք ունի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն դիմագրաւած տագնապներուն լուծումներ գտնելու` հեռու մնալով սնամէջ քննարկումներէ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Նիքոլա Սահնաուի շեշտեց, որ ինք յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ ինք բնականաբար Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ պիտի գործակցի` երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Նեպիլ տը Ֆրէյժ հաստատեց, որ «Փարիզ 4»-ի խորհրդաժողովը մարտահրաւէրներու դիմաց պիտի գտնուի` աւելցնելով, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի յաջողած է Լիբանանը վերադարձնել միջազգային քարտէսին:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ լիբանանցի նորահաս սերունդները պէտք է իմանան, թէ որո՛նք են Լիբանանի մէջ ահաբեկչութեան համար նպաստաւոր մթնոլորտ ստեղծող եւ բանակայիններու առեւանգումին առիթ տուող պատասխանատուները:

ՆԱԽԿԻՆ փոխվարչապետ եւ պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Մուքպել այցելեց նաեւ Մեհրապ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Օքապ Սաքըր յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունենալիք իր հանդիպումին ընթացքին անոր պիտի բացատրէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի նախագահ մնալուն պարագային այդ քայլին ունենալիք վտանգները` Սուրիոյ եւ Լիբանանի վրայ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա կոչ ուղղեց Լիբանանի եւ միջազգային ընտանիքին միջեւ քաղաքական եւ տնտեսական գործակցութեան հոլովոյթի մը յանգելու:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանրի Հըլու յոյս յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կատարած միջազգային լոպիինկը ի նպաստ Լիբանանի ըլլայ:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ եւ Լեռնալիբանանի տնտեսական եւ առեւտուրի պալատներու համադաշնակցութեան նախագահ Մոհամետ Շքէյր յայտնեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորելու իմաստով լաւագոյն այլընտրանքը կրնայ հանդիսանալ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ կը տիրէ զգուշաւոր կացութիւն մը` նկատի ունենալով, որ անցնող օրերուն, նոյնիսկ Ատհայի տօնին առիթով արձակուրդի օրերուն լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը խիստ կեցուածքներ որդեգրած են` հաստատելով, որ բանակը պիտի չարտօնէ, որ Այն Հելուէի իրավիճակը նոյն ձեւով շարունակուի: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով դիւանագիտական աղբիւրներէ, շեշտեց, որ Լիբանան սուղ պիտի վճարէ Հըզպալլայի խենթութեան գինը:

 

 

Նախորդը

Ամերիկեան 15 Նահանգներ Դատ Կը Բանան Թրամփի Դէմ

Յաջորդը

«Եթէ Բանակայիններուն Առեւանգումին Մասին Հետաքննութիւն Պիտի Բացուի, Ապա Անիկա Պէտք Է Ներառէ Այդ Ժամանակաշրջանին Գործած Բոլոր Պատասխանատուները» Ընդգծեց Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?