Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իպրահիմ. «Առանձին Գործող Մահապարտներուն Վտանգը Տակաւին Առկայ Է»

September 5, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ հակառակ Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթայի ազատագրումին եւ ահաբեկչութեան դէմ արձանագրուած յաղթանակին, ահաբեկչութեան դէմ պատերազմը կը շարունակուի:

Ան շեշտեց, որ ապահովական կառոյցներն ու բանակայինները կը մնան կազմ ու պատրաստ` աւելցնելով, որ յառաջիկայ փուլը կրնայ դիմակայումի տարբեր ձեւի մը դէմ յանդիման գտնուիլ:

Իպրահիմ ընդգծեց, որ աշխարհագրական իմաստով ահաբեկչութիւնը Լիբանանի մէջ պարտութիւն կրած է եւ հեռացած` նկատի ունենալով Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ արձանագրուած յաղթանակները:

«Բայց եւ այնպէս ասիկա չի նշանակեր, թէ Արսալի մէջ ահաբեկչութեան էջը փակուած է, որովհետեւ տակաւին կան մահապարտները, ահաբեկչութեան քնացող բջիջները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու գաղթակայաններուն մէջ գոյութիւն ունեցող այն մահապարտները, որոնք բազմութիւններու մէջ իրենց անձնասպանական գործողութիւնը կը կատարեն: Հետեւաբար առանձին գործող մահապարտներուն վտանգը տակաւին առկայ է», շեշտեց Իպրահիմ:

Պատասխանելով «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան յաջողութեան մասին հարցումի մը` Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ բանակին արձանագրած յաղթանակը առաւելագոյն չափով յաջող էր թէ՛ զինուորական եւ թէ՛ ապահովական իմաստով:

««Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութիւնը իր զոյգ նպատակները իրագործեց, այսինքն` թէ՛ լիբանանեան հողերը ազատագրուեցան, թէ՛ ալ 2014-էն ի վեր առեւանգուած բանակայիններուն ճակատագիրը բացայայտուեցաւ, եւ անոնց աճիւնները ստանձնուեցան», ըսաւ ան:

Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց նաեւ, որ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ տիրող կացութիւնը մնայուն հետապնդումի առարկայ պիտի ըլլայ` աւելցնելով, որ գաղթակայանին վերաբերող քաղաքական որոշումները պիտի գործադրուին: «Լիբանանի անդորրը խանգարող եւ երկրին ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը թիրախ դարձնող որեւէ շարժում կարելի է հարուածել, իսկ լիբանանեան բանակը այս իմաստով իր ատակ եւ արհեստավարժ ըլլալը փաստած է», հաստատեց Իպրահիմ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Բանակը Ձերբակալեց Ապու Թաքիէի Զաւակը` Օպատա Հուժէյրի

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.