«Իշխանութենէն Կը Պահանջեմ Անհրաժեշտ Հետաքննութիւնը Կատարել, Որպէսզի Ճշդուին Պատասխանատուութիւնները» Յայտարարեց Նախագահ Աուն
Ատհայի տօնին նախօրեակին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը` նուիրուած Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան 97-ամեակին: Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ լիբանանցիները կը շնորհաւորէ երեք առիթներով: Առաջինը Ատհայի տօնն է, որ կը բովանդակէ երկու պատգամ. «Առաջինը այն է, որ կան բացարձակ սկզբունքներ, որոնց համար կ՛արժէ զոհուիլ, իսկ ազատութիւնը անոնցմէ մէկն է, իսկ երկրորդ` մարդ...




















