Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Մոնիքա Շմուց: Քննարկուեցան Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական հարցերն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախկին քոնկրեսական, արմատներով լիբանանցի Ռէյ Լահուտ:



