Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Կիտանեան Այցելեց Պետական Հաշուեքննիչ Դիւանի Եւ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Կեդրոնները

September 7, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ այցելեց Պետական հաշուեքննիչ դիւանի նախագահ, դատախազ Ահմետ Համտանի, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան եւ դիւանին միջեւ գործակցութիւնը բարելաւելու միջոցները:

Համտան դրուատեց նախարար Կիտանեանի աշխատանքը, որուն շնորհիւ Լիբանանի զբօսաշրջութիւնը փայլուն պատկերով ներկայացուեցաւ եւ քաջալերեց արտերկրի լիբանանցին` վերադառնալու իր երկիրը, ինչպէս նաեւ օտարը` այցելելու Լիբանան:

Համտան ընդգծեց պետական վարչութիւններուն աշխատանքին նկատմամբ յանձնառութիւնը` աւելցնելով, որ անիկա համազօր է պետական պիւտճէին նկատմամբ յանձնառութեան:

Իր կարգին, նախարար Կիտանեան ողջունեց Պետական հաշուեքննիչ դիւանին եւ անոր նախագահին աշխատանքը:

Ա. Կիտանեան այցելեց նաեւ պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան զբօսաշրջութեան մարզին վերաբերող մանրամասնութիւններ, յատկապէս նկատի ունենալով երկրին մէջ բանակին եւ ապահովական ուժերուն երաշխաւորած ապահովական կայունութիւնը:

Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովութիւնը իր դրական ազդեցութիւնը ունեցաւ ամրան ընթացքին Լիբանան այցելողներուն վրայ: Ան մաղթեց, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը շարունակուի եւ ամրապնդուի, յատկապէս երբ բանակը ահաբեկչութենէ մաքրագործած է Ռաս Պաալպեքի ու Քաայի բարձունքները եւ ահաբեկիչները Լիբանանէն վտարած:

Միւս կողմէ, «Նաշրա» կայքէջի տնտեսական լուրերու` «Իքթիսատ» բաժինի խմբագրակազմը նշեց իր հնգամեակը, որուն առիթով Ա. Կիտանեան փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները եւ ըսաւ, որ Լիբանան այցելող սէուտցիներուն համեմատութիւնը 106 առ հարիւրի հասած է, բաղդատած անցեալ տարուան համեմատութիւններուն: Ան յայտնեց նաեւ, որ մինչեւ յուլիս ամսուան տուեալները ցոյց կու տան, թէ Լիբանան այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը 44 առ հարիւրով բարձրացած է:

Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ երեքշաբթի, 12 սեպտեմբերին իր տալիք մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յաւելեալ թիւեր եւ մանրամասնութիւններ պիտի ներկայացնէ զբօսաշրջական եղանակին մասին:

 

Նախորդը

Պըրրի Ընդգծեց Քննչական Խորհուրդներուն Դերակատարութեան Կարեւորութիւնը Եւ Խորհրդարանը Հրաւիրեց Լիագումար Նիստերու

Յաջորդը

Նախագահներ Աուն Եւ Թուատերա Կ՛ընդգծեն Երկկողմանի Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.